2013-11-07 12:01:59

''Աստուծոյ ուրախութիւնը կորսուած ոչխարը գտնելու մէջ է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


Աստուած ''սիրոյ տկարութիւն'' մը ունի կորսուածներուն հանդէպ, ու անոր ուրախութիւնը կը կայանայ կորսուած ոչխարը գտնելու մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հինգշաբթի 7 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով կորսուած ոչխարի եւ կորսուած դրամի առակները Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց որ այս առակներու ընդմէջէն Յիսուս կ՛ուզէ բացայայտել Աստուծոյ ուրախութիւնը` որովհետեւ Ան չ՛ուզեր կորսնցնել, ան միշտ կը փնտռէ կորսուածը։ Այնպէս ինչպէս Հովիւը կը փնտռէ կորսուած ոչխարը։ Աստուծոյ գործն է փնտռել եւ ամէնքը հրաւիրել խրախճանքին - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - Ան ապա ակնարկեց փարիսեցիներուն եւ մաքսաւորներուն որ Յիսուսի դէմ կը խօսէին ու կը բամբասէին, զանոնք որակելով որպէս կեղծաւորներ։ Մինչ Յիսուս այդ ''կեղծաւորութեան'' համապատասխանեց սիրով` որովհետեւ Աստուծոյ ուրախութիւնը Սէր է` Ան մեզ կը սիրէ։
''Ես մեղաւոր եմ, այս կամ այն մեղքը գործեցի... սակայն Աստուած կը պատասխանէ ''Ես քեզ կը շարունակեմ սիրել եւ քեզ կը փնտռեմ որպէսզի տուն վերադառնաս''։ Այս է մեր Հայրը - ըսաւ Քահանայապետը քարոզը եզրափակելով։.








All the contents on this site are copyrighted ©.