2013-11-07 11:25:15

ԱՄՆ պատրաստ է աստիճանաբար մեղմացնել Իրանի դէմ պատժամիջոցները


ԱՄՆ պատրաստ է աստիճանաբար մեղմացնել Իրանի դէմ պատժամիջոցները, եթէ
Թեհրանը դադրեցնէ իր միջուկային մշակումները: Այդ մասին յայտարարած է ԱՄՆ վարչակազմի ներկայացուցիչը, որ ժամանած է Ժնեւ մասնակցելու Իրանի բանակացութիւններու նոր փուլին «վեցնեակ»-ի հետ, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ը:
ԱՄՆ կառավարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր է համաձայնեցնել առաջին քայլը, սկզբնական ըմբռնման հասնիլ, որ պիտի կասեցնէ Իրանի միջուկային ծրագրի յետագայ զարգացումը եւ առաջին անգամ վերջին տասնամեակի մէջ պիտի ապահովէ անոր «նահանջը»:
Ուաշինկթընի տեսակէտէն Իրանի այդ գործողութիւնները պէտք է սահմանափակումներու կիրառում նախատեսեն ինչպէս ուրանի հարստացման աստիճանի վերաբերեալ, այնպէս ալ հումքի քանակի, յստակեցուցած է ԱՄՆ վարչակազմի ներկայացուցիչը: Բացի այդ, ան նշած է, որ ըստ ԱՄՆ-ի, այդ միջոցներու իրականացման համար հարկաւոր է միջազգային հսկողութիւն: Ըստ ներկայացուցիչին, այդ քայլերը թոյլ կու տան լրացուցիչ ժամանակ ստանալ Իրանի խնդրի կարգաւորման համար քաղաքական, դիւանագիտական ճանապարհով:
Իր հերթին ԱՄՆ պատրաստ կ’ըլլայ սահմանափակ ժամանակով կասեցնել պատժամիջոցներու գործողութիւնները, ըսած է Օպամայի վարչակազմի ներկայացուցիչը` չմանրամասնելով միտքը:
ԱՄՆ-ն կը մեղադրէ Իրանը հիւլէական զէնքի ստեղծման ուղղութեամբ գաղտնի աշխատանք տանելուն մէջ: Թեհրանը կը յայտարարէ, որ ատիկա բացառապէս խաղաղ նպատակներ կը հետապնդէ:
Հոկտեմբեր 15-16-ին Ժնեւի մէջ վեցամսեայ ընդմիջումէ ետք տեղի ունեցան բանակցութիւններ Իրանի ու միջազգային «վեցնեակ»-ի միջեւ: Այսպիսով, «Վեցնեակ»-ի եւ Իրանի միջեւ առաջին խորհրդակցութիւններն են այն պահէն ի վեր, երբ 2013-ի Օգոստոսին Հասան Ռոուհանին ստանձնեց Իրանի նախագահի պաշտօնը: Իրանի պատուիրակութիւնը նոր առաջարկներ ներկայացուց միջուկային ծրագրի շուրջ տարաձայնութիւններու հարթեցման վերաբերեալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.