2013-11-07 12:26:37

'' Երրորդ հազարամեակի մէջ Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն'' խորագիրով համաժողով։


Ուրբաթ 8 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Հռոմի Սուրբ Պոնավէնթուրա` Քահանայապետական Համալսարանի դահլիճին մէջ, տեղի կ՝ունենայ '' Երրորդ հազարամեակի մէջ Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն'' բնաբանով համաժողով մը, նախաձեռնութեմաբ վերոյիշեալ համալսարանի Աստուածաբանական մասնաճիւղի եւ ուսումնասիրութեան ու կազմաւորումի Եւրոպա 2010 կեդրոնի։

Համաժողովի բացումը կը կատարեն Փրօֆ. Տոմէնիքօ Փաօլէթթի` Սուրբ Պոնավէնթուրա` Քահանայապետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղին տեսուչը եւ Փրոֆ Ռաքելէ Սքէթթինի` նախագահը ուսումնասիրութեան ու կազմաւորումի Եւրոպա 2010 կեդրոնին։
Փրոֆ. Ռաքելէ Սքէթթինին յայտնած է թէ այս տարուայ համաժողովին նիւթը ներշնչուած է Սուրիոյ տագնապէն, որ կարող էր համաշխարհային գետնի վրայ ահռելի հետեւանքներ յառաջացնել, եւ որ տարբեր ընթացք մը առաւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայպետի միջամտութեան ու անոր հերթական կոչերու բերումով, որոնք իրենց գագաթնակետին հասան Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի հսկումի երեկոյեան հռչակումով, որուն համապատասխանեցին աշխհարիս մեծերը՝ Փութինէն մինչեւ Օպամա։ Ռաքելէ Սքէթթինի մատնանշեց թէ այս մէկը փաստ մըն է թէ ''ինչպէս երկխօսութիւնն ու կանխարգիլող դիւանագիտութիւնը կարող են խուսափիլ տալ աննախատեսիլի աղէտներէ

'' Երրորդ հազարամեակի մէջ Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն'' համաժողովին ելոյթ պիտի ունենան հեղինակաւոր Ամերիկացի գրագէտ` Ժորժ Քասապճի եւ Սան Էճիտիօ հասարակութեան՝ միջնորդութեան մասնագէտ Մարիօ Պէթթի ։







All the contents on this site are copyrighted ©.