2013-11-06 10:37:30

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղէ` Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը յետաձգելու


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին կոչ ուղղեց` Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը կարճ ժամանակով մը յետաձգելու:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնեց, որ «մենք (Քոնկրեսէն) կը խնդրենք (նոր պատժամիջոցները) միայն կարճ ժամանակով դադրեցնել եւ կ՛ուզենք, որ մեր պատժամիջոցները բանակցային մեր ռազմավարութեան համահունչ ըլլան»` աւելցնելով, որ «ներկայիս ունինք պարտաւորութիւն մը, որ իրանեան նոր կառավարութեան կողմէ հնչող քաջալերական ոճը զգուշութեամբ փորձելն է»:
Ան նշեց, որ Թեհրանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան ներխուժումէն 34 տարի ետք իրան-ամերիկեան յարաբերութիւնները տակաւին «պատմական երկարատեւ անվստահութեան պատմութեան մը» ազդեցութեան տակ են` աւելցնելով, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ ներկայիս տեղի ունեցող բանակցութիւնները դժուար են:
Ան ըսաւ, որ իրենք Ժընեւի մէջ «լուրջ եւ խորքային բանակցութիւններ» կը վարեն` յոյս յայտնելով, որ բանակցութեանց ներկայ հանգրուանը առիթը կ՛ընծայէ «յառաջընթացը շարունակելով» հասնելու «Իրանի հիւլէական ծրագիրին յառաջխաղացքը կասեցնելու, անոր հիւլէական գործունէութեան մէջ յաւելեալ թափանցիկութեան, ինչպէս նաեւ այդ հարցին երկարատեւ ու համապարփակ լուծումի մը շուրջ բանակցութեան»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքներն ու պատժամիջոցներու ճնշումը Իրանը մղեցին բանակցութեան սեղան նստելու` լրջօրէն քննարկելու համար իր հիւլէական ծրագիրի հարցը:
Մինչ այդ, Իրանի պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նախագահ Եոքիա Ամանօ 11 նոյեմբերին Թեհրան պիտի այցելէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.