2013-11-06 10:37:08

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Երեւան կ՛այցելեն


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճեյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ փուլին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Ուորլիք. «Տագնապի Լուծման Կարելիութիւն Կայ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու կարելիութիւն ստեղծուած է, ինչ որ վերջին շրջանին չկար: «Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան այդ կարելիութեան», ըսած է Ուորլիք:
Ըստ անոր, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք նախագահներու հանդիպման համար արդէն համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ այժմ կը նախատեսուի խօսիլ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Կը կարծեմ` երկու կողմերու ժողովուրդներն ալ արժանի են խաղաղութեան եւ բարգաւաճման: Մենք պէտք է գտնենք միջոցը, եւ ատիկա այն պատճառն է, որուն համար ես ստանձնեցի համանախագահի աշխատանքը: Ես կը կարծեմ, որ կարելի է գտնել խաղաղութեան ուղին», ըսած է ան:
Ըստ Ուորլիքի, ան պատրաստ է շրջան մեկնիլ քանի անգամ, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ խաղաղ լուծման հասնելու համար:
Պատասխանելով երկու նախագահներու հանդիպման մասին հարցումին` ան ըսած է, որ ատիկա կախեալ է պետութիւններու ղեկավարներէն: «Այդ որոշումը միայն համանախագահները պիտի չկայացնեն: Սակայն մենք կը փորձենք ջանքեր գործադրել հանդիպումը այս տարի կազմակերպելու համար», ըսած է ան:
Ըստ ամերիկացի համանախագահին, ատիկա օգտակար պիտի ըլլար, որպէսզի կապ հաստատուէր ամէնէն բարձր մակարդակով: «Մենք յոյս ունինք, որ ատիկա պիտի յանգեցնէ իրական խաղաղ հոլովոյթի լուծման, որմէ պիտի օգտուին երկու պետութիւնները: Մենք շատ դրական քննարկում ունեցած ենք Իլհամ Ալիեւի հետ: Եթէ կայ քաղաքական կամք` յառաջ շարժելու համար, ապա մենք պատրաստ ենք օգնելու», ըսած է ան:
Մինսքի խմբակի համանախագահները կ՛ուզեն հետագայ բանակցութիւններու ծրագիրին շուրջ համաձայնիլ երկու նախագահներուն հետ: «Շուրջ երկու տարի է` նախագահները չեն հանդիպած, եւ այդ երկու տարիներուն մենք չենք կրցած գտնել յառաջ շարժելու ուղին: Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները պիտի կարենան հանդիպիլ` արդիւնաւէտ եւ կառուցողական քննարկումի համար, ինչ որ պիտի օգնէ յառաջընթացին», ըսած է ան:
Ըստ Ուորլիքի, ցանկալի պիտի ըլլար, որ կողմերը իրենք յայտարարէին, թէ կ՛ուզեն բազմակողմ բանակցութիւններ վարել: «Մենք յոյս ունինք, որ նախագահները կարենան խօսիլ իրարու հետ եւ լուծում գտնել` յառաջ շարժելու համար: Այժմ հոլովոյթը յառաջ չի շարժիր, սակայն մենք պիտի ուզէինք յառաջընթաց` խաղաղ ճամբով», ըսած է ան:
Խօսելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման սկզբունքներուն մասին` Ուորլիք ըսած է, որ ատիկա ինքնին այն է, ինչ որ երկու նախագահները պէտք է քննարկեն:
Պատասխանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու մասին հնչած առաջարկներու մասին հարցումին` Ուորլիք նշած է, որ կողմերը կը շարունակեն հաւատալ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ խնդիրի լուծման:
«Խնդիրը բանակցութիւններու ձեւաչափը չէ, հարցը այն է, որ կողմերը քաղաքական կամք դրսեւորեն յառաջ շարժելու եւ լուծում գտնելու համար: Ատիկա է այն, որ մենք պիտի ուզէինք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հասկնալ», աւելցուցած է համանախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.