2013-11-06 12:00:39

Այնճար. շարժանկարի ցուցադրութիւն եւ զրոյց


Ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն եւ զրոյց` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Վարչութեան անդամ Սեւան Ադամեան ներկայացուց հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի կենսագրութիւնը եւ անոր գեղանկարչական ու գրական գործերը:
Հայր Յարութիւն, որ վերջերս ժամանած է Փարիզէն, պատմական ակնարկով մը ներկայացուց հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանէն քրիստոնէութիւն փոխանցումը, որ կատարուեցաւ խաղաղ միջոցներով, հակառակ Հայաստանի ունեցած զինուորական ուժին:
Ան խօսեցաւ այն հայ կրօնաւորներուն եւ ժողովուրդին մասին, որոնք իսլամացած են Օսմանեան պետութեան բռնագրաւումին ներքեւ` տուրքերու եւ բռնութեան պատճառով:
Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող վարդապետարաններուն մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր վանք ունէր յատկութիւն մը, հոն հարիւրաւոր աշակերտներ տարբեր շրջաններէ գալով կը տիրապետէին տարբեր նիւթերու եւ մասնագիտութիւններու:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է վանքերու եւ եկեղեցիներու նկատմամբ ունենանք յարգանք, որովհետեւ անոնք կը խորհրդանշեն հայութեան ինքնութիւնը ներկայացնող առաքեալները:
Վարդապետը անդրադարձաւ միջնադարու հայկական համալսարաններուն, անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս Գլաձորի եւ Տաթեւի համալսարաններուն, ուր կ՛ուսանէին հարիւրաւոր աշակերտներ` հայկական տարբեր շրջաններէ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու հայր Պզտիկեանի, ինչպէս նաեւ վայելելու անոր գեղանկարչական գործերը, որոնք դրուած էին ցուցադրութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.