«Քաղաքակրթութիւններու հարստութիւն մը դիզած արաբական աշխարհին ամօթ է այս վիճակին հասնիլ»
շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի շարք մը
հանդիպումներու, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին եկեղեցական հարցեր: Նախքան իր մեկնումը,
Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ան դրուատեց հանրապետութեան
նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին ազգային բոլոր մակարդակներուն
վրայ: «Պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաները մշակութային եւ ընկերային զարթօնքին մէջ
կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են», ըսաւ Ռայի պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենք
զիրենք հեռու չպահելու Լիբանանի մէջ համախոհութիւն մը գոյացնելու նպատակով ջանքեր ի գործ
դնելու նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու աշխատանքէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն
մը, մշակել ընտրական օրինագիծ մը եւ կազմակերպել նախագահական ընտրութիւններ: «Քրիստոնեաներուն
կ՛ըսեմ, որ իրենք չեն կրնար մաս կազմել երկրին ընթացքը արգելակող յարանուանական խտրութեան
հոսանքին», ըսաւ ան: Ան կոչ ուղղեց արաբ ղեկավարներուն վերադառնալու իրենց խիղճին
եւ աւելցուց. «Քաղաքակրթութիւններու հարստութիւն մը դիզած արաբական աշխարհին ամօթ է այս
վիճակին հասնիլ»: