2013-11-05 14:40:57

''Ընտանիքի'' մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու ներկայացում։


Երեքշաբթի 5 նոյեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին, Կարտինալ Փիդէր Էրտօ, գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի եւ գերապայծառ Պրունօ Ֆորդէ` ներկայացուցին` ''Ընտանիքի'' մասին գումարուելիք` ''Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս Ընտանիքի հովուական մարտհրաւէրները'' նիւթով յառաջիկայ եպիսկոպոսական ընդհանուր Գ. սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքները։

Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Պալտիսսէրի, յայտնեց թէ յառաջիկայ 2014-ի փետրուարին նախատեսուած է սիւնհոդոսի քարտուղարութեան նիստ մը, որուն նըթացքին պիտի քննարկուին աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն եւ թեմերուն ուղարկուած նախապատրաստական հարացարանի պատասխանները, որոնց հիման վրայ պիտի շարադրուի ''աշխատանգային թղթածրարը - Instrumentum laboris - որ ապա պիտի ուղարկուի սիւնհոդոսի անդամ եպիսկոպոսներուն, պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար, 2014-ի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

''Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս ընտանիքի հովուական մարտհրաւէրները'' նիւթով, Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի պատրատողական թղթածրարը, բաժնուած է երեք հատուածներու։ Առաջինը նախաբան մըն է որուն մէջ կ՛ընդգծուի սիւնհոդոսի նիւթը ''ընտանիք եւ աւետարանացում''։ Երկրոդ գլուխը կը մատնանշէ Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի աւետարանին, Արարիչ եւ Փրկիչ Աստուծոյ ծրագիրին ու ապա Եկեղեցւոյ` ընտանիքի մասին վարդապետութեան, մինչ երրորդ գլուխը կը պարունակէ 9 նիւթերէ կազմուած հարցարան մը, որուն պատասխաններու հիման վրայ, պիտի ծրագրուին յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հրատապ նիւթերն ու աշխատանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.