2013-11-04 09:47:04

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան աղօթքը` ''Ոչ մէկ մեղք կամ ոճիր կարող է Աստուծոյ սրտէն ու մտքէն անհետացնել անոր զաւակներէն մին''


Կիրակի 3 նոյեմբերի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած իր խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Ոչ մէկ մեղք կամ ոճիր կրնայ Աստուծոյ սրտէն ու մտքէն ջնջել տալ անոր զաւակներէն մին''։
Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած` Յիսուսի եւ Զակքէոսի միջեւ կայացած հանդիպումին։
Զակքէոս այն մաքսապետն էր որ կ՛ուզէր Յիսուսը տեսնել, եւ կարտճահասակ ըլլալով կը բարձրանայ ժանտաթզենիի մը վրայ, տեսնելու համար Յիսուսը։
Յիսուսի եւ Զակքէոսի միջեւ հանդիպումը եղաւ հանդիպում մը որ ''վերջնականապէս կեանքը կը բարեփոխէ'' -ըսաւ Քահանայապետը - մատնանշելով նաեւ թէ Զակքէոս անունին նշանակութիւնն է ''Աստուած կը յիշէ''։
Հանդիպումի աւարտին Յիսուս կը մտնէ Զակքէոսի տունը եւ անոր կ՛ըսէ ''Այսօր այս տան փրկութիւնը եղաւ, քանի որ ասիկա ալ Աբրահամի զաւակ է։ Որովհետեւ Մարդու Որդին եկած է փնտռելու եւ փրկելու կորսուածը։''
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Սրբազան Հայրը խորհրդածութեան աւարտին. ''մենք եւս թոյլ տանք որ Յիսուս մեր անունով մեզ կոչէ, եւ մեր սրտի խորքին մէջ մտիկ ընենք անոր ձայնին որ մեզի կ՛ըսէ ''այսօր քու տունդ պիտի գիշերեմ''` այսինքն մեր սրտերուն ու մեր կեանքին մէջ։ Զինք ուրախութեամբ ընդունինք, որովհետեւ Ան կարող է մեզ բարեփոխել ու մեր կարծր սրտերը դարձնել փափուկ սրտեր, Ան կրնայ մեզ ձերբազատել եսասիրութենէն ու մեր կեանքը դարձնել` սիրոյ նուիրում։
Յիսուս կարող է այս ամէնը ընել։ Թոյլ տանք որ Ան նայի մեզի։







All the contents on this site are copyrighted ©.