2013-11-04 09:46:35

Քերրի Եգիպտոսի մէջ «ժողովրդավարութեան եւ կայունութեան» կոչ կ՛ուղղէ


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոհամետ Մուրսիի իշխանութեան տապալումէն ետք Եգիպտոս իր առաջին այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց վերջ տալու բոլոր բռնարարքներուն եւ ամբողջական ժողովրդավարութեան հաստատման քայլեր որդեգրելու:
Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ժողովրդավարութիւնները աւելի կայուն, կենսունակ եւ բարգաւաճ են, քան որեւէ այլընտրանք»` աւելցնելով, որ «կայունութեան հետ զբօսաշրջութիւն եւ ներդրում կու գայ, եւ այդ երկուքին հետ աշխատատեղիներ»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Եգիպտոսի մէջ բանակի զօրակցութիւնը վայելող իշխանութեանց հետ գործակցելու:
Քերրիի Եգիպտոս այցելութիւնը ամերիկացի պաշտօնատարներու կողմէ բացայայտուեցաւ, երբ անոր օդանաւը արդէն էջք կատարած էր Գահիրէի միջազգային օդակայան: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մը այցելութիւնը ապահովական պատճառներով նախօրօք չի յայտարարուիր:
Քերրի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան, որ Միացեալ Նահանգներ-Եգիպտոս գործընկերութիւնը աւելի ուժեղ պիտի դառնայ, երբ Եգիպտոս կը ներկայանայ միջառեալ, ժողովրդավարական կերպով ընտրուած քաղաքային կառավարութեամբ մը, որ հիմնուած է օրէնքի իշխանութեան, հիմնարար ազատութեանց եւ բաց ու մրցունակ տնտեսութեան մը վրայ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը յանձնառու է ժամանակաւոր կառավարութեան հետ աշխատելու:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի իր կարգին նշեց, որ Քերրիի յայտարարութիւնները եւ բանակի հրամանատար զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ ներկայացուած «ճամբու քարտէս»-ը ցոյց կու տան, որ «մենք բոլորս ալ բնական յարաբերութեանց վերականգնումը կը հետապնդենք»:
Եգիպտոս իր վեց ժամ տեւող այցելութենէն ետք, Քերրի պիտի ուղղուի Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ, Յորդանան եւ Մարոք:







All the contents on this site are copyrighted ©.