2013-11-04 12:55:42

Ննջեցեալ Կարտինալներուն եւ Եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեան հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ։


Երկուշաբթի 4 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց` վերջին տարուայ ընթացքին ննջեցեալ Կարտինալներուն եւ Եպիսկոպոսներուն դիտաւորութեան մատուցուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կեդրոնացաւ օրուան սուրբ գրային ընթերումներուն վրայ, յատկապէս մատնանշելով Սուրբ Պօղոսի Հռոմէացիներու ուղղուած նամակի հետեւեալ խօսքին` ''Այո, վստահութիւն ունիմ թէ ո՛չ մահ, ո՛չ կեանք, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ ապագան, ո՛չ զօրութիւն, ո՛չ բարձրութիւն, ո՛չ խորութիւն եւ ո՛չ ալ ուրիշ որեւիցէ արարած կարող է մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն որ յայտնուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ'' (Հռոմ. 8, 38-39)։
Առաքեալը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Աստուծոյ սէրը կը ներկայացնէ որպէս քրիստոնեաներու վստահութեան եւ յոյսի ամենախոր եւ անյաղթ պատճառ։ Ան կը մատնանշէ հակառակող եւ թաքնուած ուժերուն, որ կարող են մեր հաւատքի ճանապարհին սպառնալ, սակայն անմիջապէս կը հաստատէ թէ ոչ մի բան կարող է մեզ բաժնել այն սէրէն զոր Քրիստոս, իր կեանքը տալով, շնորհեց մեզի։
Միայն մեղքն է որ կարող է Աստուծոյ ու մարդու միջեւ այն կապը խզել - հաստատեց ապա քահանայապերը - ակնարկելով թէ նոյնիսկ այս պարագային, Աստուած կը հետապնդէ մեղաւորը ու կը ջանայ անոր հետ վերահաստատել այն կապը որ դէպի յաւիտենական կաենք կ՛առաջնորդէ։ Այս վստահութիւնը մեր երկրային կեանքին նոր իմաստ մը կը պարգեւէ եւ մեր առջեւ կը բանայ կեանքի նոր յոյս մը որ նոյնիսկ մահը կը գերազանցէ ։
Իր քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը վերյիշելով եղբայրակից ննջեցեալ կարտինալներն ու եպիսկոպոսները զանոնք յանձնեց Աստուծոյ ողորմութեան որպէսզի զանոնք ընդունի իր խաղաղութեան ու լոյսի արքայոութեան մէջ, հոն ուր կ՛ապրին արդարները որ հաւատարիմ մնացին Աւետարանի վկայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.