2013-11-04 12:12:39

Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպումէն բխած տեղեկագիրը կը հաստատէ, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը վտանգի մէջ է


Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպումին եզրափակիչ հանդիսութիւնը երէկ հրապարակեց տեղեկագիր մը, որուն մէջ նշեց շրջանին մէջ քրիստոնեայ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւններն ու անոնց ակնկալութիւնները:
Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպումէն բխած տեղեկագիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը վտանգի մէջ է` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ անոնց չգոյութիւնը պիտի յանգեցնէ անվերջ պատերազմներու:
Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպումին մասնակցեցան աւելի քան յիսուն քրիստոնեայ անձնաւորութիւններ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքի ներկայացուցիչները, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, նախկին նախարարներ Ժաք Չուխատարեան, Ալեն Թապուրեան եւ Աբրահամ Տէտէեան եւ նախկին երեսփոխան Ճորճ Գասարճի:
Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդիպումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց լրագրող Ժան Ազիզ, որ շեշտեց, թէ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը անհրաժեշտ է` գործադրելու համար ներողամտութեան եւ խաղաղութեան արժանիքները:
«Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունի այն առումով, որ Լիբանանը աշխարհի միակ վայրն է, ուր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները հաւասար են` իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ», ըսաւ ան:
Եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի, որ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կալուածներու վաճառքի ազատութիւնը կազմակերպուած ծրագիր մը չըլլայ` Լիբանանի աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական ինքնութեան փոփոխութեան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ զգուշացուց հաւատադրժողական շարժումներէն, ինչպէս նաեւ ակնարկեց Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դերակատարութեան եւ նուաճումներուն:
«Եթէ ազատ գոյութիւնը Արեւելքի քրիստոնեաներուն վերաբերող հարց է, ապա անիկա նոյնքան մարտահրաւէր մըն է Արեւելքի իսլամներուն համար, եթէ կ՛ուզեն, որ այս Արեւելքը մնայ ու յարատեւէ», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին քրիստոնեաները տիրող վարչակարգերուն շրջագիծին մէջ միայն ապահով կեանք մը չեն փնտռեր, այլեւ` կը պահանջեն դերակատարութեան համապատասխան հաւասարութիւն ունենալ, առանց խտրութեան, «որովհետեւ ներկայիս քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութեան նուազումը համազօր դարձած է ցեղային խտրութեան», աւելցուց ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.