2013-11-02 11:45:11

«Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերէն Ձերբազատիլը Քաղաքացիական Պատերազմին Վերջ Տալուն Այլընտրանք Մը Չէ» Ըսաւ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ողջունեց միջազգային հետաքննիչներու` սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման առաջին հանգրուանը յաջողութեան պսակելը` շեշտելով, որ «քիմիական զէնքերէն ձերբազատիլը քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալուն այլընտրանք մը չէ եւ Սուրիոյ մէջ տակաւին ահագնացող մարդկային աղէտին վերջ չի տար»:
Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «միջազգային հետաքննիչները Սուրիոյ քիմիական զէնքերէն ձերբազատուելու եւ անոնց դարձեալ օգտագործման կարելիութիւնը սահմանափակելու հարցով առաջին ձեռքբերումը իրագործելու համար աննախադէպ արագութեամբ աշխատեցան»:
«Ներկայիս պէտք է վստահ ըլլանք, որ այդ առաքելութիւնը վերջ գտած է, եւ այդ բոլոր արգիլեալ զէնքերը վերցուած ու ոչնչացուած են: Ասիկա կարեւոր յառաջընթաց մըն է, որ շատեր անկարելի կարծեցին: Այս յառաջընթացը պէտք է շարունակուի», ըսաւ Քերրի:
«Սուրիոյ պարտաւորութիւնները յստակ են: Անիկա ամբողջական կերպով պէտք է ենթարկուի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2118 որոշումին եւ Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման գործադիր խորհուրդի որոշումին պահանջներուն», նշեց ան:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը իբրեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման նախապայման ճշդելը անընդունելի եւ անիրապաշտ է, մինչեւ անոր քաղաքական եւ անձնական երաշխիքներ չտրուին` յոյս յայտնելով, որ խորհրդաժողովը տարեվերջին կը գումարուի:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի նշեց, որ «Ժընեւ-2»-ը Սուրիոյ տագնապէն դուրս գալու սկիզբը պիտի ըլլայ եւ անոր նպատակը «Ժընեւ-1»-ի որոշումները գործադրելն է, այն տարբերութեամբ, որ «Ժընեւ-1»-ին Սուրիան ներկայացուած չէր, իսկ «Ժընեւ-2»-ին ընդդիմութիւնն ալ պատուիրակութիւն մը պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութեան ներկայութիւնը հիմնական, կենսական ու կարեւոր է:
Իպրահիմի ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական է եւ ոչ թէ զինուորական»` նշելով, որ ինք ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն հետ հանդիպում պիտի ունենայ` խորհրդաժողովը նախապատրաստելու եւ անոր գումարման վերջնական թուականի մը շուրջ համաձայնելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.