2013-11-01 09:44:09

Սուրիոյ Սատատ գիւղի եկեղեցին սրբապղծուած է ծայրայեղ մահմետականներէն։


Միքանի օրուայ բուռն պայքարէ ետք, Սուրիոյ բանակը կարողացած է բռնագրաւել, Հոմսէն ոչ հեռու, Սատատ քրիստոնեայ գիւղը, որ կը գտնուի Քալամուն շրջանը, ուր անոր բնակիչները, Յիսուսի լեզուն` արամերէն կը խօսին։
''Ծայրաղեղ մահմետականները քարուգանդ ըրած են 15 հազար բնակչութիւն ունեցող գիւղը, եկեղեցիները սրբապղծած ու սպաննած աւելի քան 45 քրիստոնեայ քաղաքացիներ'' յայտնած է ասորիներու օրթոտոքս Պատրիարքը։
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը իր կարգին մեղադրած է Յորդանանի կառավարութեան նոր քաղաքականութիւնը որ կը մտի սահմանէն ետ մղել սուրիացի փախստականները։ Այս տեղահանները դատապարտուած են երկու սահմաններու միջեւ ապրիլ։ Ոչ- կառավարական միջազգային կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան ճնշում բանեցնելու Յորդարանի վրայ որպէսզի ընդունի սուրիացի փախստականները։








All the contents on this site are copyrighted ©.