2013-11-01 09:22:38

Արեւանգուած Հալէպի երկու օրթոտոքս եպիսկոպոսները ողջ են:


Սուրիոյ աւագ Մուֆթի Ահմէտ Հասսունի գնահատումով, արեւանգուած Հալէպի երկու ասորի ու յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսները ողջ են, անոնք ձերբակալուած են չէչէն ահաբեկիչներէն, թուրքիոյ յատուկ սպասարկութեան օգնութեամբ, կը հաղորդագրէ ռուսական ինդերֆաքս լրատու գործակալութիւնը։ Մուֆթին յայտնած է որ անցեալ ապրիլին արեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ողջ են եւ Թուրքիա կը գտնուին։ Ան նաեւ յայտնեց որ Չէչէնեայէն ու Կովկասէն եկած աւելի քան 3000 ծայրայեղ մահմետականներ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն հետ պայքար կը մղեն Պաշար էլ Աստաի կառավարութեան դէմ։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հերքած է եպիսկոպոսներու ներկայութիւնը թուրքիոյ հողերուն վրայ







All the contents on this site are copyrighted ©.