2013-11-01 09:56:09

«Եւրոպական Միութիւնը Կը Շարունակէ Հայաստանը Նկատել Վստահելի Գործընկեր Մը» Ըսաւ Ցապրնոխ


Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի նախագահ Միլան Ցապրնոխ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նոր շունչ հաղորդելու այն ծրագիրներուն, որոնք կ՛իրականացուէին Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին:
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ ան ըսած է, թէ «Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Հայաստանը նկատել վստահելի գործընկեր մը: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք Հայաստանի հետ տարբեր ձեւաչափերով եւ կը պատրաստուինք շարունակելու այդ համագործակցութիւնը նաեւ խորհրդարանական ձեւաչափով»:
Ցապրնոխ ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ բաց քննարկում մը ունեցած է: «Ես բարձր կը գնահատեմ այն բաց զրոյցը, որ տեղի ունեցաւ իմ եւ Հայաստանի նախագահին միջեւ: Քննարկման ընթացքին նախագահը ինծի մանրամասն կերպով բացատրեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած շրջադարձի պատճառները», նշեց ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը յարգէ Հայաստանի որոշումը:
Ան վերահաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի շարունակելու Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: «Հիմա մենք պէտք է ապագայ համագործակցութեան նոր ուղիներ մշակենք, որովհետեւ Մաքսային Միութիւնը համատեղելի չէ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին հետ», նշեց Ցապրնոխ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, լրատուամիջոցներու ազատութեան, խօսքի ազատութեան հիմնարկներուն` իբրեւ եւրոպական արժէքներու հիմնական սիւներ:
Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահներու հանդիպումը, որուն ժամանակ քննարկուած են երկու կողմերու արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ ուղիները եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուելիք քայլերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.