2013-10-31 09:35:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 24 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած հանդիսաւոր արարողութեամբ պիտի եզրափակէ իրեն նախորդ` Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին կողմէ, 2012-ի հոկետմբեր 11-ին հռչակած՝ Հաւատոյ Տարին։

Նոյեմբեր ամսուայ գլխաւորած արարողութիւններու շարքին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը, 1 նոյեմբերին, ''Ամենայն Սրբոց'' տօնին օրը, յետմիջօրէի ժամը 4.00 ին, Հռոմի Գամբօ Վէրանօ կոչուած գերեզմանատան մատրան մէջ կը գլխաւորէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը եւ յաջորդ օրը` շաբաթ 2 նոյեմբերին, օր մեռելոցի օրուան առթիւ, յետմիջօրէի ժամը 6.00 ին, ս. Պետրոսի մայր տաճարի գետնադամբանին մօտ կ՛աղօթէ ննջեցեալ քահանայապետներու դիտաւրութեան։

Երկուշաբթի 4 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ, Նորին Սրբութիւնը պիտի աղօթէ բոլոր այն ննջեցեալ Կարտինալներուն եւ Եպիսկոպոսներուն որոնք իրենց հոգին աւանդեցին վերջին տարուան ընթացքին։

21 Նոյեմբերին Սրբազան Հայրը պիտի գլխաւորէ Միջին Արեւելքի նուիրուած եկեղեցական խորհրդաժողով մը մասնակցութեամբ արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքներուն եւ Եպիսկոպոսապետերուն մինչ 24 Նոյեմբերին, ''Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի'' տօնին օրը, ինչպէս նշեցինք, Սուրբ Պետրոսի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ պիտի փակէ Հաւատոյ Տարին։

30 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ հիսնակաց ժամասացութեան արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.