2013-10-31 10:19:21

Նալբանդեան Կը Քննադատէ Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ Միլան Ցապրնոխը: Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հարցեր:
Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ եւրոպական համայնքի գործընկերներուն հետ աշխուժ երկխօսութիւնը դրական լիցքեր կը հաղորդէ Հայաստանին` եւրոպական մերձեցման ճամբուն վրայ: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստան վճռակամ է շարունակելու Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու առանցքը կազմող հաստատութենական բարեփոխումները եւ յանձնառու է կառուցելու եւրոպական արժէքներու վրայ հիմնուած ժամանակակից մրցունակ պետութիւն եւ այդ ճամբուն վրայ կ՛ակնկալուի գործընկերներուն աջակցութիւնը:
Միլան Ցապրնոխ նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը կը նկատէ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ կարեւոր երկիր եւ պիտի շարունակէ աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը զարգացնելու հարցին մէջ ան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հետագայ աշխուժ աշխատանքը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:
Յայտնենք, որ Եւրոպայի դրացնութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը քննարկուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Միլան Ցապրնոխի հետ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի երէկ ունեցած հանդիպման ժամանակ:
Նալբանդեան նշեց, որ փաստաթուղթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ ձեւակերպումները կը հակասեն Եւրոպական Միութեան պաշտօնական դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ միջնորդական առաքելութեան միջազգային պաշտօն ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մօտեցումներուն: Ան աւելցուց, որ նմանատիպ ձեւակերպումներու հեղինակները պէտք է գիտակցին, որ պատասխանատուութիւն կը կրեն լուծման հոլովոյթին վրայ անոնց հաւանական բացասական ազդեցութեան եւ եռանախագահներու` հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն վնաս հասցնելու համար:
Միլան Ցապրնոխ Երեւան ժամանեց Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի բիւրոյի նիստին մասնակցելու նպատակով:







All the contents on this site are copyrighted ©.