2013-10-31 12:36:10

Կարտինալ ֆիլոնիի հանդիպումը Փաքիստանի քրիստոնեայ հասարակութեան։


Կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնի` կառավարիչը ազգերու աւետարանութեան ժողովին, 30 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր, մեկնած է Փաքիստան ուր մէկ նոյեմբերին եպիսկոպոս պիտի օծէ, ֆայսալապատ թեմի նոր առաջնորդ, գերապայծառ Ժոզէֆ Արշատը։
Իր այս ճամբորդութեան ընթացքին, կարտինալը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ երկրի եպիսկոպոսական դասին ու Լահոր թեմի հաւատացեալներուն հետ։ Յայտնենք որ Փաքիստանի փոքրաթիւ համայնքը կանոնաւորապէս թիրախ է անարդարութեան, խտրականութեան ու երբեմն ալ մահացու բռնարար յարձակումներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.