2013-10-31 10:31:18

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝ Հովուական թուղթը ''Հաւատք եւ Աւետարանացում''


Աստուած, մարդը՝ Ադամը իր կերպարանքով եւ նմանութեամբ ստեղծեց (Ծննդ.1,26),
Արհիապատիւ արքեպիսկոպոսը գրած է.
Տրամաբանական երեւոյթ է հաւատքի աղբիւրները գտնել նախ, Հին Կտակարանի, Ծննդոց գրքին՝ Արարչագործական պատմութեան մէջ: Աստուած, մարդը ըստ իր պատկերին եւ նմանութեան ստեղծեց, կ’ըսէ Ս. Գիրքը: Դրախտին մէջ բնակեցուց ու անոր հետ բարեկամական յարաբերութիւն մշակեց մինչեւ իր մեղքի մէջ իյնալը: Անոր համար կարելի է ենթադրել, որ Աստուծոյ Հաւատալու սկզբնակէտը հոս ծնունդ առած ըլլայ. քանի Ադամն ու Եւան տեսան ու ճանչցան զԱստուած ու հաւատացին Անոր իրականութեան:
Դրախտէն արտաքսուելով, անոնք իմացան, որ իրենց գործած մեղքին համար էր այդ հեռացումը: Այն մեղքը անհնազանդութիւնն է, որ կոչուեցաւ սկզբնական մեղք: Արդ իմանալով իրենց էութիւնը եւ գործած մեղքին ծանրութիւնը, հաւատացին Աստուծոյ գերագոյն արդարութեան: Ադամ ու Եւայի Հաւատքին հետ աճեցաւ յոյսը, որով Աստուած պիտի վերականգնէր նախնական փոխյարաբերութիւնը: Աստուած իր գերագոյն արդարութեամբ մարդը պատժեց, սակայն որպէս կատարեալ սիրոյ Աստուած, դարձեալ պիտի փրկէր: Անոր համար Ս. Պօղոս կ’ըսէ «Առանց հաւատքի կարելի չէ գոհանալ Աստուծոյ»: Ուստի հաւատքը, ինչպէս որ կը յայտնուի Ս. Գրքի Հին Կտակարանի մէջ, աստուածային յատուկ նախաձեռնութիւն մըն է: Հին Կտակարանի պատմութիւնը գրուած է այն նպատակով, որ Աստուծոյ Հօր հետ վերականգնուի հաշտութիւնը, սակայն հաշտութեան համար հարկ էր փրկագին մը, որ խոստացեալ Փրկիչը՝ Միածին Որդին պիտի վճարէր: Արդ, Հին Կտատարանի բոլոր քայլերը այն ուղղութեամբ կ’ընթանան, լրացնելու համար հարկաւոր պատրաստութիւնները:
Մեր հովուական թուղթին նպատակն է նաեւ, (գրած է Գերապայծառը) շեշտել աստուածային նախաձեռնութեան առատահոս շնորհքներուն, որ Աստուած մեզի պարգեւեց նախ Հին Կտակարանի միջոցաւ, ապա հաւատալու Անոր կատարեալ հայրութեան: Այս աստուածային անպարագրելի նախախնամութիւնը շարունակաբար ի յայտ կու գայ Հին կտակարանին մէջ՝ Ադամի դրախտէն արտաքսուած եւ մեղքի մէջ ինկած վայրկեանէն սկսեալ, մինչեւ Քրիստոսի գալուստը:
Աստուած, ժամանակի ընթացքին, մարդուն հետ կը մնայ հաստատ, եւ իբրեւ վառ օրինակ, ունինք Աբրահամի, Յակովբի եւ վկայութիւնը Իսահակի հաւատքին Ս. Գրքին մէջ: Այս օրինակները, անկիւնադարձ իրականութիւն մըն են որ կը յիշատակուին եւ կը բերուին, որպէս անխախտ յարաբերութիւն Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ: Աւելի ուշ, Յիսուս Քրիստոս, իր քարոզութեան մէջ պիտի յիշէր Հարիւրապետի հաւատքին ոյժն ու կարեւորութիւնը երբ բժշկեց անոր հիւանդ զաւակը (Մաթ. 8,11-12): Ասոր համար ալ կը տեսնենք աստուածաբաններուն մօտ, Հաւատքին մասին գրած ատեն, հաճոյքով կը մէջբերեն, Աբրահամի օրինակը, արտայայտելու համար անոր անսակարկ հաւատքն ու անխարդախ վստահութիւնը Աստուծոյ խօսքին ու խոստում ներուն վրայ: Աստուած Աբրահամը կը փորձէ եւ որպէս պատասխան, կ’ընդունի Աբրահամի լիավստահ հաւատարմութիւնը իրեն հետ կնքուած դաշինքին: Այսպիսով Աստուած, փոխադարձաբար կը վերահաստատէ իր սէրն ու օրհնութիւնը Աբրահամին եւ անոր սերունդին վրայ, կ’ըսէ Ս. Գիրքը (Ծննդ.12):
Աստուածաբանները, այսօր ալ, ինչպէս եկեղեցին, հաւատքը արծարծելու մտահոգութեամբ, դարձեալ Աբրահամի օրինակը կը բերեն վերականգնելու հաւատքի հոգեւոր արժէքներն ու գործնական ապրումները: Եկեղեցին «Նոր Աւետարանացում» կ’առաջարկէ, այսինքն նոր միջոցներու դիմել եւ նոր ճանապարհներ գտնել հաղորդելու միեւնոյն ճշմարտութիւնը, Քրիստոսի ճշմարտութիւնը, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ հաւատքը եւ փրկութեան ուղին:
Հին Կտակարանին հանդէպ, ունինք բարոյական պարտականութիւնը տեսնելու անոր մէջ փրկագործական անմիջական նախապատրաստութիւնը: Աստուած մարգարէներու բերնով անդադար պատգամներ եւ նշաններ կը ղրկէ իր ընտրեալ ժողովուրդին:







All the contents on this site are copyrighted ©.