2013-10-31 09:54:36

«Սուրիոյ մէջ քաղաքական որեւէ լուծում ահաբեկչական խմբակներու աջակցութեան դադրեցման կապուած է» ըսաւ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «ահաբեկիչներուն աջակցութեան դադրեցումը եւ անոնց հովանաւոր երկիրներուն վրայ ճնշում բանեցնելը երկխօսութեան եւ սպասուած արդիւնքներու իրագործման համար մեքանիզմներու ճշդման համար յարմար պայմաններու ստեղծման հիմն է»:
Ան շեշտեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը Սուրիոյ ապագան ուրուագծելու լիազօրութիւնը ունեցող միակ կողմն է, եւ գոյանալիք որեւէ լուծում կամ համաձայնութիւն պէտք է սուրիացիներուն հաւանութեան արժանանայ եւ անոնց փափաքները արտացոլէ` արտաքին որեւէ միջամտութենէ հեռու»:
Ասատ նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական որեւէ լուծում ահաբեկչական խմբակներու աջակցութեան դադրեցման եւ անոնց աջակցող եւ Սուրիա անոնց մուտքը դիւրացնող երկիրներուն վրայ ճնշումին կապուած է»` նշելով, որ Ժընեւի խորհրդաժողովի գումարման համար թափուած ջանքերը կեդրոնացած են սուրիացիներուն ժողով գումարելու կարելիութիւնը ընձեռելուն վրայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու համաձայնութեան գործադրութիւնը «ազդու կերպով կ՛ընթանայ, հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու փորձերուն»` նշելով, որ «կարգ մը ուժերու «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլը մերժելը կապուած է Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ հարուած մը հասցնելէն ետդարձ կատարելուն»:
Լաւրով յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»-ի գումարման հեռանկարները ի յայտ պիտի գան յառաջիկայ շաբաթ Ժընեւի մէջ Լախտար Իպրահիմիի մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեանց ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.