2013-10-30 14:03:01

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի'' ուղղած պատգամը։


«Կեանքի Աստուած, առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» խորագիրը կրող, Եօթը տարին անգամ մը գումարուող, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.), իր 10–րդ համաժողովը, գումարած է, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, Հոկտեմբեր 30–էն մինչեւ 10 Նոյեմբեր 2013:
Համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պուսանի ցուցահանդէսներու սրահին մէջ։ Համաժողովին կը մասնակցին ''Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի'' անդամ` 150 երկիրներէ, 3000 պատգամաւորներ որ կը ներկայացնեն 345 Եկեղեցիներ եւ հասարակութիւններ: Վերոյիշեալ ժողովին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որպէս ներկայացուցիչ կը մասնակցի Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Գիւրտ Գոխ, որ բացման արարողութեան ընթացքին, ժողովականներուն փոխանցեց, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աղօթել եւ ''ուշադիր ըլլալ ժամանակակից հրատապ պահանջներուն''։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ կը խնդրէ ''բոլոր անոնցմէ որ Քրիստոսի կը հետեւին, բազմապատկել աղօթքներն ու համագործակցութիւնը ի սպաս Աւետարանին''։ Ան կը մատնանշէ թէ ''համաշխարհականացած աշխարհը քրիստոնեաներէն կը պահանջէ վկայութիւն տալ ''Աստուծմէ յառաջ եկած մարդու արժանապատուութեան արժէքին` երիտասրադներու կատարեալ դաստիարակութեամբ եւ նեցուկ կանգնիլ ընտանիքներուն որ ընկերութեան հիմնական բջիջն են''։
Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ նաեւ մեծ ուշադրութիւն դարձնել ''կեանքի արուարձաններու'' մէջ ապրողներուն հուսկ պատգամը կ՛եզրափակէ ապահովցնելով իր աղօթքները որպէսզի ''համաժողովը սատարէ նոր կենսունակութիւնն ու տեսութիւն տալու` բոլոր անոնց որ յանձնառու են
քրիստոնեաներու միութեան սուրբ դատին։''








All the contents on this site are copyrighted ©.