2013-10-30 11:03:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը` ''Կը Հաւատամ Սուրբերու Հաղորդութեան''։


Չորեշաբթի, 30 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն։
Շարունակելով ''Հաւատամքի'' մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը ըսաւ`

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
այսօր կ՛ուզեմ մեր Հաւատքի գեղեցիկ մէկ իրողութեան մասին խօսիլ, այն է` ''սուրբերու հաղորդութիւնը։
Սուրբերու Հաղորդութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք մինակ չենք, եւ թէ կեանքի հաղոորդութիւն մը կայ բոլոր անոնց միջեւ որ Քրիստոսի կը պատկանին։ Հաղորդութիւն մը որ բխի հաւատքէն։
Յովհաննէսի աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ Յիսուս աղօթեց իր Հօր առաքեալներու միութեան համար. ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան. ինչպէս դուն, Հայր, իմ մէջս ես ու ես քու մէջդ եմ, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս'' (Յովհ. 17, 21)։
Եկեղեցին սիրոյ հաղորդութիւն մըն է Քրիստոսի ու Հօր հետ միասին Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Քրիստոսի ու Հօր միջեւ հաղորդութիւնը աղբիւրն է քրիստոնեաներու միջեւ կայացած սերտ կապին։ Մեր հաւատքը կարիք ունի ուրիշներու նեցուկին, մանաւանդ դժուար կացութիւններու ընթացքին։ Որքան գեղեցիկ է մէկը միւսին նեցուկ կանգնիլ` հաւատքի հրաշալի ուղեւորութեան ընթացքին։
Դժուար պահերու ընթացքին, ապաւինելու ենք Աստուծոյ, աղօթքի միջոցաւ, եւ միեւնոյն ժամանակ քաջութիւնը ունենալու ենք ուրիշներուն բացուելու։
Սուրբերու հաղորդութիւնը մեծ ընտանիք մըն է ուր փոխադարձաբար, մէկը միւսին կ՛օգնէ։ Սուրբերու հաղորդութիւնը երկրային կեանքէն անդին կ՛երթայ, կը գերազանցէ մահը եւ յաւիտենական է։
Հոգեւոր հաղորդութիւնը իր լիութիւնը կը գտնէ յաւիտենական կեանքին մէջ, Քրիստոսի Յարութեան շնորհիւ։
Անլուծելի եւ խոր յարաբերութիւն մը կայ, այս աշխարհի ուխտաւորներուն, քաւարանի մէջ գտնուող հոգիներուն եւ դրախտի երանելիներուն միջեւ, որոնք կը կազմեն մէկ ու միակ մեծ ընտանիք մը։ Այս հաղորդութիւնը իրականացած է բարեխօսական աղօթքի միջոցաւ որ հիմը կը կազմէ Ամենայն Սրբոց տօնին եւ Օր մեռելոցի ծիսակատարութեան որ յաջորդ օրերուն պիտի կատարենք - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Սիրելի բարեկամներ, Սուրբերու հաղորդութեան մէջ վերագտնենք հաւատքի գեղեցկութիւնը''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուղ ուխտաւորները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով` հիւանդներուն, նորապսակեալներուն եւ երիտասարդներուն ըսելով` ''Սիրելի երիտասարդներ, թող Սուրբերու հաւատքի վկայութիւնը զօրացնէ ձեր մէջ այն գիտակցութիւնը թէ Աստուած ձեզի կ՛ընկերանայ կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին, ձեզի` սիրելի հիւանդներ, ըլլայ նեցուկ ու ձեր առօրեայ տառապանքը մեղմացնէ, եւ ձեցի սիրելի նորապսակեալներ օգնէ կառուցելու համար ձեր ընտանիքը Աստուծոյ հաւատքի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.