2013-10-30 11:46:40

Սուրիահայերու ներհոսքը վերսկսած է. Հրանոյշ Յակոբեան


Որոշ դադարէ ետք վերսկսած է սուրիահայերու հոսքը դէպի Հայաստան։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Անոր պարզաբանումով` անիկա կապուած է Պէյրութ-Երեւան օդային թռիչքներու վերսկսման, ինչպէս նաեւ Հալէպէն Լիբանան փոխադրակառքի վերականգնման հետ:
Շաբաթական Հայաստան կը ժամանեն մօտ 200 սուրիահայեր, անոնց թիւը ներկայիս կը գերազանցէ 10 հազարը:
Ըստ Հ. Յակոբեանի` Հայաստան ժամանած սուրիահայերէն քիչերը կը տեղափոխուին այլ երկիր, շատերը Հայաստանը կը նախընտրեն Լիբանանէն այն պատճառով, որ այստեղ ձրի կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունին եւ կայ պետութեան աջակցութիւնը։
Հ. Յակոբեանն ըսած է, որ Սփիւռքի հայկական բարեգործական կազմակերպութիւնները (“Կիւլպենկեան” ֆոնտը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը), Աւստրիայի դեսպանութիւնը, Ռուսաստանի կառավարութիւնը, “Կարիտաս” հիմնադրամը ներկայիս օգնութեան ծրագիրներ կ’իրականացնեն Հայաստանի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.