2013-10-30 10:15:11

Նոյեմբեր 8-10-ը Սթամպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Իսլամացուած Հայեր» գիտաժողովը


«Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող «Իսլամացուած հայեր» խորագիրով գիտաժողովը, որ պէտք է կայանար 11-13 Հոկտեմբեր 2013-ին, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 8-10-ը Սթամպուլի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիվիլնէթ»-ը:
19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կարեւոր քաղաքական եւ հասարակական վերափոխումներու ժամանակաշրջան էր, երբ տեղի ունեցան նաեւ անհատական եւ զանգուածային կրօնափոխութեան դէպքեր: Տարբեր ժամանակափուլերու մէջ տարբեր գործընթացներու հետեւանքով մեծ թիւով հայեր իսլամացան: Անոնց թիւը յատկապէս աճեցած է 1915-1916 թուականներուն.: Մինչեւ վերջերս պատմութեան մէջ լուռ անտարբերութիւն կար իսլամացուած հայերու նկատմամբ, որ որոշակիօրէն խախտուած է վերջին տարիներուն հրապարակուած աշխատութիւններով:
Գիտաժողովին նպատակը իսլամացաուած հայերու խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն ու անոնց հետեւանքներու ըմբռնումն է, միւս կողմէ` այդ լռութեան խախտման գործընթացը ուսումնասիրելն ու քննարկելն է: Գիտաժողովին նպատակը նաեւ շարք մը կարեւոր հարցերու անդրադարձն ու անոնց քննարկումն է, ինչպէս օրինակ` ի՛նչ դժուարութիւններու դէմ առերեսուած են իսլամացուած հայերը, ինչպէս այդ ամէնը ազդած է անոնց յետագայ սերունդներուն վրայ, ինչպէս ներկայիս քաղաքական զարգացումները կ’ազդեն անոնց կեանքին վրայ, որոնք են անոնց պատմութիւններուն ուշ բացայայտուելուն պատճառները եւ անոնց մասին տեղեկութիւններու սահմանափակ ըլլալը եւ այլն: Կ’ակնկալուի նաեւ անցեալի ու ներկայի բռնութիւններու, խտրկանութեան եւ անարդարութեան կարգ մը դէպքերու քննարկում:








All the contents on this site are copyrighted ©.