2013-10-30 10:15:25

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ
Գործդ սուղի մի՛ ծախեր, այլապէս դո՛ւն կ՛աժաննաս:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)։


Ծնողներ՝ կատարելով իրենց զաւակներուն կամքը, զիրենք կը վարժեցնեն որ քմահաճ ըլլան. անոնք նաեւ դժուարահաճ կ՛ըլլան, եւ ինչքան յառաջանան տարիքի մէջ, այնքան աւելի դժուար կ՛ըլլայ զիրենք համոզել այս կամ այն գաղափարին շուրջ: Աշուղական իմաստութիւնը կը գովէ «ապտակով սնուած» երեխան, ըսելով որ ան անպայման փայլուն ապագայ կ՛ունենայ: Սակայն այսօրուան մանկավարժութեան խորթ կը թուի «ապտակ»ը, եւ կրնանք ըսել թէ ՜՜ճիշդ է՝՝ քանի որ ՜՜անպայման ֆիզիքական հարուածով չէ որ պիտի դաստիարակուի երեխան, այլ երբ հաստատ կերպով անոր ըսուի ՜՜ոչ՝՝ ան հասկնայ որ պէտք է ետ կենայ իր մանկական որոշումներէն: Կ՛ըսուի, թէ շատ բարեհաճ մայրը, երեխան սնուցանելու խղճամիտ մօտեցումով, ծառայի դեր ստանձնած էր տան մէջ: Ամէնէն հռչակաւոր բանաստեղծներն ալ, մայրական սէրն ու գուրգուրանքը գովերգած ժամանակ, երբեմն տան համեստ ծառան տեսած են իրենց մօր կերպարին մէջ: Ատիկա բնաւ նուաստացում չէ՛ մօր դիրքին, այլ՝ անոր սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւնը, երբ իր տան ու զաւակներուն համար մինչեւ իսկ ծառայի կերպարանք կը ստանայ, պահելու համար իր ընտանիքը: Մէկ խօսքով, մայրը տան մէջ ամէն դժուարութեան բանալին է, հարցերը հարթողն է, ընտանիքի անդամներուն համար դիւրութիւններ ստեղծողն է, սկսեալ սնունդի հարցէն, մինչեւ երբեմն տնտեսական խնդիրները: Կամապաշտ երեխան, երբ տեսնէ թէ իր կամքը կը կատարուի աներեւակայելի ու անկարելի բաներ կը խնդրէ... օրինակ եթէ խնդրէ որ մածունը անուշով խառնուի ու իր կամքը կատարուի, ապա կը պահանջէ. Չէ՛, խառնուած չե՛մ ուզեր: Հիմա զատէ իրարմէ, որպէսզի ուտեմ: Միթէ կարելի՞ է իրարու խառնուած մածունն ու անուշը զտել իրարմէ…: Կան նաեւ՝ չափահասներ որոնք դաստիարակութեան պակասի հետեւանքով, ճիշդ յիշեալ մանուկին նման կը դժուարացնեն ուրիշներուն կեանքը: Ասիկա շեշտուած երեւոյթ է յաճախ իրենց գործը սուղի ծախող արհեստաւորներուն մօտ: Երբ յատկապէս ապսպրանք պիտի կատարուի այս կամ այն գործիքը պատրաստելու համար, ամէնէն հնարագէտ ու ճարտարարուեստի մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող մարդն ալ, կը սկսի խորհրդածութիւններ կատարելու շինուելիք գործիքին մասին: Երբեմն մէկէ աւելի հանդիպումներու կը հրաւիրէ պատուիրատուն, հոս ու հոն կ՛ուղարկէ զայն, իբրեւ թէ օրինակներ բերելու համար: Մէկ խօսքով գործը դժուարացնելու կը սկսի: Թերեւս իր միտքին մէջ շատ յստակ է գործը, ու գիտէ թէ ուրկէ՞ պիտի սկսի եւ ինչպէ՞ս աւարտէ զանիկա: Բայց «գործին օրէնքը» կ՛ըսէ, թէ անպայման պէտք է դժուարացնել գործը, նախ՝ աւելի՛ դրամ շահելու համար, եւ երկրորդ՝ շինուելիք գործիքին սկզբնատպութեան իրաւունքը վերապահելու համար, որպէսզի հաւանական նոր ապսպրանքներ միայն իրենց հաստատութեան կատարուին ապագային: Գործը դժուարացնելու նոյն մօտեցումը կ՝երեւի նաեւ արուեստի աշխարհէն ներս, մանաւանդ երբ ապսպրանքի հիման վրայ պիտի ստեղծագործէ արուեստագէտը: Իսկ երբ յղացքը իր միտքին մէջ ծնած է եւ իբրեւ պոռթկում կ՝արտայայտուի կտաւի, մետաղի կամ քարի վրայ, շատ հեզասահ կ՛ընթանայ ստեղծագործութիւնը: Սակայն ատիկա նոյն հեշտ ճանապարհը չ՛ունենար ապսպարուած գործի պարագային: Նոյն երեւոյթին կը հանդիպինք նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, տնօրէններու կամ պատասխանատուներու պարագային, երբ դիմողներ կան գործի ընդունուելու եւ կամ այլ խնդրանքով իրենց մօտ հասած: Այս պարագային իրենց գործին կարեւորութիւնը շեշտելու միտում կ՛ըլլայ անոնց մօտ: Իսկ դիմողներ, մանաւանդ երբ որեւէ ծանօթութիւն չունին այդ անձնաւորութեան հետ, ինչքան ալ իրենց մասնագիտութեան տիրացած ըլլալու ինքնավստահութիւնը ունենան, դարձեալ կը տատամսին, ու նուազագոյն յոյսով կը ներկայանան քննական հարցազրոյցին:
Իմաստուն ծերունին պիտի ըսէր. _ Գործդ սուղի մի՛ ծախեր, այլապէս դո՛ւն կ՛աժաննաս:
Դիւրաւ կարելի է մէկդի շպրտել ինքզինք սուղի ծախողը, որովհետեւ մարդիկ ճիշդ է որ տարբեր շնորհքներով ծնած կ՛ըլլան, սակայն իրենց ունեցած շնորհքներով կրնան արժեւորել իրենք իրենց անձը: Այսինքն՝ պայման չէ՛ որ անպայման քու շնորհքէդ ունենան արժեւորուելու համար շրջապատէն: Մէկը ա՛յս շնորհքը կ՛ունենայ, միւսը՝ այն: Մէկը քիչ, միւսը՝ շատ: Կարեւորը՝ շնորհքը արծածելն է, մարդոց բարիքին համար:
Մի՛ դժուարացներ գործդ մինչեւ անկարելիութիւն, եթէ կ՛ուզես յաջողիլ: Որովհետեւ անկարելիութենէն ետ դառնալը, ինչքան ալ փրկիչի վերարկու նետես ուսերուդ՝ դժուար պիտի ըլլայ:
Պատրաստակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը միշտ յաղթական եղած են այս կեանքի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.