2013-10-29 11:24:10

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շնորհած ունկնդրութիւնը համաշխարհային դրամատան նախագահին։


Համաշխարհային դրամատան նախագահ` Ճիմ Եոնկ Գիմ, երկուշաբթի 28 հեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք, լրագրողներուն հետ յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց համաշխարհային դրամատան ներկայ երկու կէտնպատակները` ջնջել յետին աղքատութիւնը մինչեւ 2030 թուական եւ անհաստատ վիճակէն ազատել թերաճ աշխարհի 40 առ հարիւր աղքատները։
Ճիմ Եոնկ Գիմ յայտնեց թէ 25 վայրկեան տեւող խօսակցութեան ընթացքին, Քահանայապետին հետ համաձան գտնուեցան միասնաբար աշխատելու եւ պայքար մղելու աղքատութեան դէմ, հիմնելով ''ընկերային շարժում մը''։
Յուզուած ու ազդուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ազնուութիւնէն, Ճիմ Եոնկ Գիմ լրագրողներուն ըսաւ` ''իմ հանդիպումս եղաւ անձի մը հետ որ շատ լուսամիտ քննադատ մըն է աշխարհի ներկայ կացութեան''։
Յայտնենք որ, ծագումով Քուրիացի ամերիկացի Ճիմ Եոնկ Գիմ` մէկ տարի է ի վեր ստանձնած համաշխարհային դրամատան նախագահութիւնը, յանձն առնելով ջնջել յետին չքաւորութիւնը աշխարհի երեսէն։
Վերջին տուեալներու համաձայն աւելի քան 400 միլիոն երախաներ կը գտնուին յետին աղքատութեան մէջ` աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդը։
Համաշխարհային դրամատան կեդրոնը Ուաշինկթոն կը գտնուի։ Անիկա կը համախմբէ միջազգային 5 հաստատութիւններ, ներառեալ վերաշինութեան ու բարգաւաճումի միջազգային դրամատունը։ Համաշխարհային դրամատունը կ՛օժանդակէ տնտեսական զարգացումին ու կը սատարէ չորրորդ աշխարհի բարգաւաճումին, արուեստագիտական ու ֆինասաւորական օգնութիւն տալով չորրորդ աշխարհի երկիրներուն, որպէսզի կարողանան ձեռք բերել պատշաճ բարեփոխութիւններ եւ իրականացնել յատուկ ծրագիրներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.