2013-10-29 11:43:33

Վրաստանի Նախագահական Ընտրութեան Յաղթած Է Մարկվելաշվիլին


Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ բանբեր Էքա Ազարաշվիլի «ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ կիրակի օր Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան մասնակցած անձերու քուէներուն 99.7 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք վստահօրէն կը յաղթէ իշխող «Վրացական երազանք» դաշինքի թեկնածու Կէորկի Մարկվելաշվիլին:
«Ասոնք Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի գրեթէ վերջնական տուեալներն են, եւ այլեւս ոչինչ կը փոխուի: Ըստ ընտրութեան արդիւնքներուն, Մարկվելաշվիլի ստացած է քուէներուն 62.14 առ հարիւրը», ըսած է Ազարաշվիլի:
Երկրորդ դիրքը գրաւած է Միխայիլ Սահակաշվիլիի Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութենէն Տաւիտ Պաքրածէն, որուն կը յաջորդէ խորհրդարանի նախկին նախագահ Նինօ Պուրճանածէ:
Նորընտիր նախագահի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 նոյեմբերին: Խորհրդարանի իրաւական հարցերով յանձնախումբի նախագահ, իշխող «Վրացական երազանք» դաշինքի անդամ Վախթանգ Խմալածէ յայտնած է, որ «երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 նոյեմբերին` նախագահական ընտրութենէն ետք երրորդ կիրակի օրը»:
Վրացական «Ափսնի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած Մարկվելաշվիլի յայտարարած է, որ «կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ընտրական գրասենեակի անդամներուն, անոնք ստեղծած են այսօրուան օրը: Կ՛ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել քաղաքական խմբակին, որ ցոյց տուաւ, որ մեզ կը միաւորէ հայրենիքի նկատմամբ սէրը: Շնորհակալութիւն ինծի համար շատ կարեւոր մարդու, որ եղած է եւ միշտ պիտի մնայ ինծի համար լուրջ հեղինակութիւն` շնորհակալութիւն Պիծինա Իվանիվիլիին: Ան ստեղծած է անցեալ տարուան յաղթանակը եւ ստեղծած է այսօրուան յաղթանակը»:
«Մենք աշխարհին ցոյց տուինք, որ ազատ ժողովուրդը ազատ կերպով կ՛ընտրէ իր կառավարութիւնը եւ այն մարդիկը, որոնք պէտք է իրեն ծառայեն», յայտարարած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` անդրադառնալով Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ըսած է, որ «Մոսկուա լիայոյս է, որ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները Ռուսիոյ նկատմամբ բարեկամական ու բարի դրացիական քաղաքականութիւն պիտի վարեն»:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Լաւրով նախագահական ընտրութեան առիթով շնորհաւորած է վրացի ժողովուրդը` նշելով, որ «ըստ ստացուող տեղեկութեանց, ընտրութիւնները ազատ, արդար եղած են, եւ ոչ ոք կը վիճարկէ անոնց արդիւնքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.