2013-10-29 14:19:05

Պիրմանիացի տիկին Օնկ Սան Սու Քիի հանդիպումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 28 հոկտեմբերին ունկնդրութիւն շնորհեց խաղաղութեան մրցանակակիր պիրմանիացի տիկին Օնկ Սան Սու Քիի, որ միաժամանակ իր հայրենիքին մէջ ճանչցուած է որպէս ոչ-բռնութեան խորհրդանիշը։ Վատիկանի բանբերը հայր Լոմպարտին այս լուրը հաղորդելով մամուլին ընդգծեց որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ խաղաղութեան ու զարգացումի յանձնառումի նշանով։ Սրբազան Քահանայապետը մեծապէս գնահատեց տիկին Օնկ Սան Սու Քիի տածած աշխատանքը հայրենինքին բարգաւաճումին ի նպաստ եւ յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը լաւագոյնս իրագործելու անոր ծրագիրը առանց կրօնական խտրականութեան քանի անոր քաղաքականութիւնը կը մտի՝ բոլորին ի սպաս։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց որ միջկրօնական երկխօսութիւնը ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան բանալիներէն մէկն է։ Բանբերը ըսաւ որ 28 հոկտեմբերը Վատիկանի համար եղաւ Ասիայի օր քանի Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ նաեւ Ճաբոնի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը եւ միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը հրապարակած է իր պատգամը ուղղուած ինտուներու տիվալիի տօնին առթիւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դիտել տուաւ հայր Լոմբարտին, յաճախ կը խօսի Ասիայի մասին եւ հաւանաբար Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարէ Ասիայի մէկ պետութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.