2013-10-29 10:14:58

Հայկական եկեղեցի մը կը սրբապղծուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտերը


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտերը գտնուող Սուրիոյ Թել Ապիատ աւանին մէջ, իսլամ ծայրայեղական զինեալներ վար առած են այդ բնակավայրին մէջ գործող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ խաչը, այրած են եկեղեցւոյ սրբապատկերները եւ հանդերձարանը. այս մասին կը հաղորդեն Սուրիոյ մէջ հայ թղթակիցները:
Ներկայիս այդ շրջանը կը գտնուի «Քայիտա»ի հետ կապ ունեցող իսլամ արմատականներու հակակշիռին տակ: Երկար ատենէ ի վեր անոնց նկատմամբ հանդուրժողական դիրքորոշում որդեգրող Թուրքիան, վերջերս սկսած է ռմբակոծելու անոնց դիրքերը:
Թել Ապիատի մէջ հայեր ապրած են 1915ի տարագրութենէն ետք:







All the contents on this site are copyrighted ©.