2013-10-28 12:50:45

Քահանայապետական թուիթերեան կայքէջի հետեւորդներու թիւը 10 միլիոն


Շաբաթ 26 հոկտեմբերի երեկոյեան, քահանայապետական թուիթերեան կայքէջի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց 10 միլիոնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ թուիթը հրատարակեց.

Սիրելի հետեւորդներ` իմացայ որ արդէն 10 միլիոնէ աւելի էք։ Սրտագին շնորհակալ եմ եւ կը խնդրեմ որ շարունակէք աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.