2013-10-28 11:49:06

ՄԱԿ-ը Հայաստանի մէջ կարիքաւոր Սուրիահայերուն համար երկրորդ անգամ պիտի իրականացնէ ձմեռնամուտի ծրագիր


Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը երկրի տարբեր վայրերուն մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ 500 ընտանիքի ձմրան ամիսներուն պիտի տրամադրէ 50-հազարական դրամ պարունակող դրամատնային քարտեր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է ՄԱԿ փախստականներու գերագոյն յանձնակատարի (ՓԳՀ) արտաքին կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեանը: Գումարը նախատեսուած է բնակարանները ջեռուցելու կամ տաք հագուստներ գնելու համար: «Դրամատնային քարտերը պիտի տրամադրուին առաւել խոցելի խումբերուն, քանի որ անոնք իրապէս ունին նոյնիսկ այդ փոքրիկ գումարին կարիքը: Այդպիսի ընտանիքներ կան նաեւ մարզերը: Անոնք մինչեւ Սիւնիք եւ Շիրակ հասած են: Նման ընտանքիներուն մենք արդէն տրամադրած ենք նաեւ կենցաղային եւ խոհանոցային պարագաներ, առաջին անհրաժեշտութեան իրեր, մանկական մահճակալներ, ծածկոցներ, հաստ վերարկուներ եւ այլն»:
Ան տեղեկացուցած է, որ բացի ձմեռնամուտի ծրագիրէն, ՄԱԿ-ը բազմաթիւ այլ ծրագիրներ կ’իրականացնէ սուրիահայերու համար: Շուտով 5 հազար անձի համար պիտի մեկնարկէ 6- ամսեայ սնունդի ծրագիրը: Ծրագրին համաձայն` իւրաքանչիւր սուրիահայ 6 ամիս շարունակ պիտի ստանայ 16 քիլօ պարէնային զամբիւղ, ուր պիտի ըլլայ առաջին անհրաժեշտութեան սնունդ` բրինձ, կարագ, ձէթ, լուբիա, շաքար, ալիւր, եւ այլն: «Ծրագիրը առայժմ պիտի մեկնարկէ 6 ամիսով, սակայն, եթէ յաջողի այս ծրագիրը, ան պիտի դառնայ շարունակական: Բացի պարէնային զամբիւղէն` անոնց պիտի տրուի նաեւ կաթնամթերք ու թխուածքաբլիթ: Նոյնիսկ նպատակ կար, որ անոնց անձամբ պատրաստէին այդ թխուածքաբլիթները, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը նոյնպէս ըլլար»,-նշած է Անահիտ Հայրապետեանը` աւելցնելով, որ յատկացուած է 100 հազար տոլար, որով 500 հոգիի պիտի ապահովուի կաթնամթերք` կարագ, պանրով, կաթնաշոռ եւ այլն: Անահիտի փոխանցումով` օգնութիւնը կրկին պիտի յատկացուի ամենախոցելի խումբին` նոր եկողներուն, ծերերուն կամ այն ընտանիքներուն, որոնք արդէն սպառած են իրենց գումարները:
Սուրիահայերը ստացած են նաեւ մասնագիտական օգնութիւն: Մեկնելով անոնց մասնագիտական հմտութիւններէն` ՄԱԿ-ը յատկացուցած է աշխատանքային տարբեր պարագաներ: Հացթուխներուն տրամադրուած է միքրոալիքային վառարաններ, դերձակներուն` կարի մեքենաներ ու թելեր, դիմայարդարներուն` համապատասխան պարագաներ եւ այլն: «Այդպիսով, մենք նրանց հնարավարութիւն կու տանք ինքնահաստատուելու, աւելի կատարելագործուելու եւ, որ ամենակարեւորը, թոյլ չենք տար, որ անոնք կորսնցնեն աշխատանք ունենալու իրենց յոյսը»,- ըսած է ան:
ՄԱԿ-ը սուրիահայերը չի դիտեր իբրեւ սոսկ փախստականներ, այլ մարդիկ, որոնք պատերազմի հետեւանքվ փախած են եւ ունին այն նոյն խնդիրները, ինչ մնացած փախստականները: «Անոնք մեր հայրենակիցներն են, որոնց պէտք է օգնել: Սակայն մենք չենք կրնար բոլորին ընդառաջել: Կ’օգնենք միայն գաղթականութեան ծառայութեան քով արձանագրուածներուն` թիւով 600 հոգիի: Մնացած բոլոր սուրիահայերուն օգնեցինք քաղաքացիութեան հարցով. անոնց տրուեցան անձնագիրներ դեռ Սուրիա եղած ժամանակ»,-ըսած է Անահիտ Հայրապետեան` շեշտելով, որ գալով Հայաստան` անոնց կարիքները դարձան նոյնը, ինչպէս բոլոր փախստականներունը աշխարհի մէջ. տուն, աշխատանք, կրթութիւն, դպրոց, լեզուի ուսում: ՄԱԿ-ը անոնց կ’օգնէ պահպանել իրենց մշակոյթը, լեզուն եւ սովորոյթները, բայց նաեւ ընդելուզուիլ հասարակութեան մէջ: Ըստ Անահիտին՝ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը բոլոր առումներով կ’օգնէ սուրիահայերուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.