2013-10-28 09:36:37

Ըստ նախնական տուեալներու. Վրաստանի նախագահական ընտրութիւններուն կը յաղթէ «Վրացական Երազանք»-ի թեկնածուն


Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն: Ըստ Վրաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, Վրաստանի ընտրութեան կրնան մասնակցիլ շուրջ 3 միլիոն 537 հազար ընտրողներ:
Ընտրութիւններուն պաշտօնապէս արձանագրուած էր 23 թեկնածու: Անոնց շարքին են իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութենէն Կէորկի Մարկվելաշվիլի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Նինօ Պուրճանածէ եւ նախկին իշխող կուսակցութենէն Տաւիտ Պաքրածէ:
Ըստ նախնական տուեալներու, յաղթանակ կ՛արձանագրէ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի ղեկավարած «Վրացական երազանք» կուսակցութեան թեկնածու Կէորկի Մարկվելաշվիլի: Ան ստացած է քուէներուն 66.7 առ հարիւրը: Երկրորդ դիրքը գրաւած է նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի կուսակցութենէն Տաւիտ Պաքրածէ` ստանալով քուէներու 17.1 առ հարիւրը, իսկ Նինօ Պուրճանածէ` 7.5 առ հարիւրը:
Պաքրածէ յայտարարած է, որ կը վստահի նախնական տուեալներու արդիւնքին, սակայն Պուրճանածէ այդ արդիւնքները հաւաստի չէ նկատած:







All the contents on this site are copyrighted ©.