2013-10-28 09:54:22

Աւստրիա Ֆինանսական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստան հաստատուած Սուրիահայերուն


Աւստրիան յայտարարած է, որ 600 հազար եուրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ բռնութիւններու հետեւանքով Սուրիոյ մէջ իրենց տուները լքած եւ Հայաստան հաստատուած փախստականներուն: «Սուրիական ճգնաժամի հետեւանքները նաեւ Հայաստան հասած են, ուր աւելի քան 9 հազար սուրիացի փախստականներ հաստատուած են»,- յայտարարած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայել Շպինտելեգըր: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Աւստրիոյ մէջ հաստատուած սուրիացի փախստականներուն կէսը երեխաներ են, որոնք թերսնուած են: Ըստ նախարարին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է Աւստրիոյ՝ փախստականներուն կացարանով ապահովելու հարցով օժանդակելու, նաեւ տրամադրելու այլ կարգի օգնութիւն:
Ընդհանուր առմամբ, Աւստրիան սուրիացի փախստականներու աջակցութեան համար մինչեւ այսօր յատկացուցած է 7,4 միլիոն եուրօ:







All the contents on this site are copyrighted ©.