2013-10-27 12:29:32

''Քրիստոնեայ ընտանիքները առաքեալներն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընտանիքներու նուիրուած ս. պատարագի ընթացքին։


'' Անկեղծութեամբ հաւատքի ուրախութիւնը ապրող ընտանիքը, կը դառնայ երկրի աղ, աշխարհի լոյս եւ ընկերութեան թթխմոր''։

Սուրբ Պետրոսի դամբանին` կազմակերպուած ''Ընտանիքներու ուխտագնացութեան'' ծիրէն ներս, կիրակի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, աւելի քան 100 հազար իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրսոի հրապարակի վրայ, նախագահեց ընտանիքներու նուիրուած սուրբ պատարագին։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց քրիստոնեայ ընտանիքի յատկութիւններուն վրայ, որոնց առաջինը աղօթքն է - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Ընատնիքի աղօթքը, աղօթքը խոնարհութեան նշան է։ Աղօթքը մեզի ուժ կու տայ։ Մէկը միւսին համար աղօթել եւ միասնաբար Հայր մերը կամ ս. վարդարանը աղօթելը` Քրիստոնեայ ընտանիքի իւրայատկութիւնը ըլլալու է - առաջարկեց Սրբազան Հայրը - ու ապա անդրադառնալով երկրորդ նիւթի մը, Ան խօսեցաւ ''հաւատքը պահպանող ընտանիքի'' մասին, մատնանշելով սուրբ Պօղոսին` որ իր հաւատքը պաշտպանեց, զայն աւետելով ուրիշներուն եւ պայքարելով անոնց դէմ որ կ՛ուզէին այս հաւատքը որպէս սեփականութիւն պահպանել։
''Սուրբ Պօղոս հաւատքը պաշտպանեց որովհետեւ զայն փոխանցեց ուրիշներուն, այնպէս ինչպէս ինք ընդունած էր զայն'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու հրաւիրեց ընտանիքները բացուելու ուրիշներուն, հաստատելով թէ քրիստոնեայ ընտանիքները ''առաքեալ ընտանիքներն'' են իրենց ամենօրեայ ապրումով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ականրկեց ապա երրորդ յատկութեան որ է ''ընտանիքի ուրախութիւնը''։ Իսկական ուրախութիւնը կ՛ապրուի ընտանիքի մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - եւ այս ուրախութիւնը կը փխի անհատներու միջեւ գոյացած ներդաշնակութենէն, որ հիմնուած է ընտանեկան կեանքէն ներս Աստուծոյ ներկայութեան վրայ, ուր կայ ընդունող, ողորմած եւ բոլորը յարգող սէրը։ Միայն Աստուած կրնայ տարբերութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղցծել։ Եթէ Աստուծոյ սէրը պակսի, ընտանիքն ալ իր ներդաշնակութիւնը կը կորսնցնէ, անհատականութիւնը կը տիրապետէ եւ ուրախութիւնը կը փարատի։ Իսկ ընտանիքը որ կ՛ապրի հաւատքի ուրախութիւնը, հաւատքը անկեղծօրէն կը փոխանցէ ուրիշներուն եւ կը դառնայ երկրի աղ, աշխարհի լոյս եւ ընկերութեան թթխմոր։
Սրբազան Հայրը հուսկ քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ընտանիքները ապրելու` Նազարէթի սուրբ Ընտանիքի օրինակով։

Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ շնորհակալական հակիրճ խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, ու ապա հրաւիրեց բոլորը միասնաբար աղօթելու Հրեշտակ Տեառնը աշխարհի բոլոր ընտանիքներու դիտաւորութեան, յատկապէս անոնց որ դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին։ Մարիամ Ընտանիքներու Թագուհի աղօթէ մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.