2013-10-26 12:57:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 26 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


Շաբաթ, 26 հոկետմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Բանամայի Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Րիքարտօ Մարդինէլլի Պէրրաքոլ` անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Կարտինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք Քահանայապետներու սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ուրուկուայի Յիսուսեաններու նախկին աշակերտներու մէկ խումբին, ու ապա Գլեմենդինա սրահին մէջ նախագահեց ''Րացինկէր մրցանակի'' տուչութեան հանդիսութեան։
Յետ միջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, մասնակցեցաւ ''Ընտանիքներու Ուխտագնացութեան'' առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կազմակերպուած ընտանիքներու հաւաքին։

''Րացինկէր մրցանակի'' տուչութեան հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու անոնց` Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետի հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն ու երախտագիտութեան համար ու ապա անդրադարցաւ վաստակաւոր քահանայապետի շնորհած ''յատուկ նուէրին'' որ է Յիսուս Նազովրեցիի մասին հրատարակած երեք հատորները։ Արդարեւ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը- Պենետիկտոս ժԶ-ը այդ գիրքերով, ուզեց Եկեղեցւոյ նուիրել, Յիսուսի մասին իր անձնական ճանաչումը որ պտուղն է տարիներու ուսումնասիրութիւններուն, աղօթքի, խորհրդածութեան եւ աստուածաբանական քննարկումներու, որոնք շատերուն մատչելի դարձուցին Յիսուս Նազովրեցիի ճանաչումը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով, իր ու իր նախորդին անունով, Րազինկեր մրցանակի մրցանակակիրները Անգլիացի Աստուածաշունչի մասնագէտ եւ անկլիքան Եկեղեցւոյ անդամ` Հայր Րիշար Պուրրիճ եւ Տիար Քրիստեան Սգալլէր, Րէկէնզպուրկի Պենետիկտոս ԺԶ-ի անուան հաստատութեան փոխ տնօրէն։ Աստուած ձեզ օրհնէ եւ օրհնէ անոր թագաւորութեան ի սպաս կատարած ձեր գործը - ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.