2013-10-26 09:15:48

Սուրիական բանակը Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ


Սուրիական բանակը երէկ Դամասկոսի շրջակայքը գտնուող Աթեյպէ շրջանին մէջ լարեց թակարդ մը, որուն զոհ գացին սուրիական ընդդիմութեան անդամ 40 զինեալներ. այսպիսով, սուրիական բանակը կրցաւ իր հակակշիռին տակ առնել դէպի Դամասկոսի օդակայանը առաջնորդող սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն պատկանող վերջին խարիսխը:
Սուրիական բանակը շարունակեց շրջափակուած պահել Ղութան` հասնելով մինչեւ Աթեյպէ եւ օդակայան:
Հինգշաբթի երեկոյեան սուրիական բանակը կրցաւ արգիլել Արեւելեան Ղութայի կողմէ զինեալներու փախուստը եւ շրջափակեց զանոնք:
Այս գործողութիւնը ծրագրած բանակի պատասխանատու զինուորական մը հաստատեց, որ միայն այդ շրջանին մէջ սուրիական բանակը ութ նման թակարդներ լարած է եւ արգիլած անոնց Ղութա մուտքը:
Աթեյպէի լճակին մօտ սուրիական բանակը սպաննեց Զահրան Ալլուշի գլխաւորած զինեալ ամբողջ խմբակը, որ կը կոչուէր «Իսլամական փաղանգ», եւ գրաւեց անոնց զէնքն ու զինամթերքը:
Բանակը զինեալներուն հետ սուր բախումներ ունեցաւ նաեւ Հըթեյթէթ Թուրքման շրջանին մէջ:
Սուրիական բանակին կողմէ արձանագրուած այս յաղթանակներէն ետք, ընդդիմութեան մնացեալ զինեալները, որոնք արդէն իսկ յուսալքուած են, անձնատուր պիտի ըլլան եւ կամ պիտի ընտրեն դանդաղ մահը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ տագնապին լուծման միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Անգարայի մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ տագնապին վերաբերող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:
Նշենք, թէ սուրիական ընդդիմութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Իպրահիմի հանդիպումներ ունեցած է նաեւ այսպէս կոչուած սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Սելիմ Իտրիսի եւ սուրիական ընդդիմութեան պետ Ահմետ Ժապրայի հետ:
Կը նախատեսուէր, որ երէկ երեկոյեան Իպրահիմի հասնէր Դամասկոս` աւարտելէ ետք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները քննարկել միտող իր շրջապտոյտը:









All the contents on this site are copyrighted ©.