Հնդկաստանի մէջ հնագէտները յայտնաբերած են հին գանձի մը մնացորդները
Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի հնագէտներու յատուկ արշաւախումբը յայտնաբերած
է մնացորդները հին գանձի մը, որուն գտնուած վայրը երազի մը շնորհիւ բացայայտած էր իմաստունի
մը (եոկի): Այդտեղ պէտք էր գտնուէին հազար թոն կշռող թանկարժէք քարեր, որոնց արժէքը կրնար
հասնիլ երեսուն միլիառ սթերլինկի: «Պի. Պի. Սի.» հաղորդած էր, որ հնդկական իշխանութիւնները
աշխուժ կերպով կը պատրաստուին որոնման աշխատանքներուն` հազար թոն ոսկիին, որուն գտնուած
վայրը երազին մէջ տեսած է երկրի ամէնէն յարգուած իմաստուններէն մէկը: Յայտնի իմաստուն
Շոհպան Սարքար երազին մէջ տեսած էր հազար թոն ոսկի, որ պահուած է ամրոցներէն մէկուն աւերակներուն
մէջ: Իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Ութար-Փրատեշ նահանգի հիւսիսը գտնուող Տաունտիա
Քհերա գիւղի տարածքին մէջ կազմակերպած էին հնագիտական մեծ պեղումներ: Ըստ Շոպհան Սարքարի
տեսիլքին, ոսկին պատկանած է 19-րդ դարու Ռաֆայ Ռաօ Ռամ Պուհ Սինկհին: Վերջինս իմաստունին
երազին մէջ յայտնուած է եւ յայտնած ամրոցին մէջ պահուած ոսկիներու մասին: Ըստ պատմութեան,
Ռաճայ 1858-ին մահապատիժի ենթարկուած է` բրիտանական գաղութատիրական իշխանութիւններուն
դէմ ապստամբութեան համար: Ութար-Փրատեշ Հիւսիսային Հնդկաստանի ամէնէն աղքատ նահանգներէն
մէկն է եւ կը գտնուի Նեփալի սահմանին մօտ: Բնակչութեան թիւը շուրջ 200 միլիոն է, ինչ
որ աղքատութեան ու ժողովրդագրական խնդիրներու պատճառ կը դառնայ: Տաունտիա Քհերա գիւղի
բնակիչները, որոնք մինչեւ օրս ելեկտրականութիւն չունին, կը պատմեն, որ գանձին մասին առասպելը
կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, սակայն զայն գտնելու փորձերը նախապէս անյաջողութեամբ
աւարտած են: