2013-10-26 09:16:00

Հայրենի հիւրեր Զմմառու մէջ


Ուրբաթ 25 Հոկտեմբեր 2013-ին, Զմմառու պատմական վանքին այցելութիւն տուին հայրենի հիւրեր՝ ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան արուեստի վարչութեան պետ՝ Սէյրանուհի Գեղամեան, Հայաստանի Հրատարակիչներու Ազգային Միութեան Նախագահ՝ Մկրտիչ Կարապետեան, «Արթ Պրիտժ» գրատան տնօրէն՝ Շաքէ Հաւան, «Խնկօ Ապեր» Երեւանի մանկական գրադարանի տնօրէն՝ Ռուզան Տօնոյեան, որոնք Պէյրութ կը գտնուին կազմակերպելու համար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»-ի հետ՝ «Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Ցուցահանդէս»-ը, ուր կը ցուցադրուի հայկական շուրջ քառասուն տարբեր հրատարակչատան հատորներ: Յարգարժան հիւրերը այցելեցին վանքիս Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, Վերափոխման եկեղեցին, մատենադարանը և թանգարանը: Առ այս՝ Պրն. Մկրտիչ Կարապետեան անդրադարձաւ հրատարակչատուներու համահայկական համաժողովի մը անհրաժեշտութեան՝ 2014-ի ամրան, քանի Հայաստանի տարեկան 2000 հայերէն լեզուով լոյս տեսնող գիրքերէն շատ քիչերը կը հասնին Սփիւռքի մշակոյթի օճախներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.