2013-10-26 13:03:44

«Ով որ իր խաչը չ'առներ եւ ինծի չի հետեւիր, ինծի աշակերտ չի կրնար ըլլալ:»
(Ղկ 14, 25-33) - Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի Խորհրդածութիւնը։


Իր խաչը առնելը, որ վիճակուած է բոլոր մարդկային էակներուն, ծանր պատասխանատուութիւն է: Խաչէն ոչ ոք կրնայ խուսափիլ: Խաչը մեր կեանքն է՝ իր դժուարութիւններով, տառապանքներով եւ փորձանքներըով:
Չեմ գիտեր թէ ի'նչ կը հասկնային Յիսուսի ժամանակակից ունկնդիրները մեր Տիրոջ վերոյիշեալ հրաւէրէն խաչը առնելու եւ իրեն հետեւելու: Անոնք կ'անգիտանային խաչ առնելու փրկարար արժէքը մինչեւ այն օրը երբ իրենց Վարդապետը խաչը շալկած տեսան: Այն օ'րը միայն գիտակցեցան Փրկիչին կատարած մարդասէր վեհ ժեստին ամբողջական տարողութեան: Անոնք հասկցան նաեւ որ մեր Տէրը իր կեանքը խաչին վրայ զոհելով՝ կը հրաւիրէր իր աշակերտները թէ' իրենց խաչը, թէ' իրենց բոլոր եղբայրներուն խաչը կրելու:
Մեզ տառապեցնող ու անհագստացնող տպաւորութիւնը այն է որ խաչերը անհաւասար կերպով բաժնուած են: Մեզի կ'երեւի թէ ոմանք իրենց կեանքը կ'ապրին իբրեւ յարատեւ խաչ մը, մինչ ուրիշներուն խաչը աւելի թեթեւ է: Երբ նայելու ըլլանք
Page4
մենք մեզի եւ մեր հարեւաններուն, կը փորձուինք տեսնել անոնց անամպ երջանկութիւնը եւ մեր սեւ ճակատագիրը:
Թէեւ ամէն բաղդատութիւն ատելի է սակայն չենք կրնար չտեսնել հարեւանին պողպատեայ առողջութիւնը, ծով հարստութիւնը եւ չնակատել մեր խոր ցաւերն ու անվերջանալի դրամական նեղութիւնները:
Այսուհանդերձ, խաչ առնելու հրամայականը յօժարութեամբ ընդունելով է որ պիտի կարենանք Յիսուսի հետեւիլ եւ անոր աշակերտ ըլլալ: Այդ անխուսափելի պայմանով է որ ի վիճակի պիտի ըլլանք իրականացնել մեր կեանքը:
Խաչը կեանքի աճումին անշրջանցելի ազդակ մըն է: Ամէն յառաջդիմութիւն, ամէն յեղաշրջում, ամէն աճում սերտօրէն կապուած է խաչին: Վերջակէտ չկայ առանց մէկնակէտի, ծնունդ չկայ առանց ցաւի, կեանք չկայ առանց մահու:
Յիսուս իր աշակերտները կը հրաւիրէ իրազեկ ըլլալու այս իրականութեան եւ զայն ընդունելու իբրեւ կեանքի բաղադրիչ մաս: Օրին մէկը պիտի հասկցնէ իր աշակերտներուն եւ, անոնց միջոցով, բոլոր ժամանակներու հետեւորդներուն որ իւրաքանչիւր խաչի եւ նոյնիսկ իւրաքանչիւր մահու ետեւ՝ յարութիւն կայ, բաւէ որ մեր խաչը առած՝ իրեն հետեւինք:








All the contents on this site are copyrighted ©.