2013-10-25 10:16:28

Հաւատքին քաջութիւնը


Քրիստոնէին ամենամեծ առաքինութիւնը` սէրն է: Եւ ինչ որ մարդ կը սիրէ, պէտք է նաեւ զայն խոստովանի ու դաւանի: Քրիստոնեան պէտք չէ ամչնայ իր ծերունի մօր, սիրելի հարսին , կամ իր կրօնքին համար:
Քրիստոնէական կրօնը` ոչ թէ խօսքի, այլ գործի կրօն է: Աշխարհ մեզմէ գործ եւ իրականութիւն կը սպասէ: Ոչ միայն մեծ բաներու մասին խօսիլ, երազել, եւ մեծ գործեր ծրագրել գիտնալ պարզապէս, այլ` նաեւ իրապէս զանոնք գործադրել, կատարել, ըլլան անոնք փոքր կամ մեծ: Սակայն որպէս զի գաղափար մը գործի փոխուի, շատ դէպքերու մէջ քաջութեան կարօտ ենք: Եթէ լաւ գործին հայրը` խորհուրդ ու գաղափարն, անոր մայրն ալ` քաջութիւնն է: Աշխարհս լի է քաջ ձեռնարկումներով: Միթէ Աստուծոյ արքայութիւնը` պէտք չէ՞ որ այսպիսի աներկիւղ ու ձեռներեց մարդերով աւելի հարուստ ու բազմաթիւ ըլլայ: Ամէն պարագայի, իբր որդիներ Աստուծոյ, մեր յաւիտենական Հօր առջեւ պատասխանատու ենք այն մեծ կամ փոքր գործերուն, որոնք մեր վատութեամբ չեն ձեռնարկուիր ու չեն գործադրուիր: Քրիստոս կրցաւ իր մահուան նախորդ գիշերն ըսել. « Հայր, գործը զոր ինծի տուիր կատարեցի զայն»: Եւ մահուան վայրկեանին ալ « ամէն ինչ կատարուեցաւ» ըսաւ: Պիտի կարենա՞նք արդեօք մեր կեանքին վերջը` անգամ մը այսպէս խօսիլ եւ արտայայտուիլ:
Միթէ ցաւ կրելը եւ մահը դիմագրաւելը` քաջութիւն է՞: Անտարակոյս, այո՛: Ապա թէ ոչ ի՞նչպէս կրնային մարդիկ պատերազմի խառնուրդին կամ թնդանօթի կրակին մէջ նետուիլ: Ասոնք շատերուն համար` քաջութեան ամենափառաւոր տեսակները կը համարուին միամտութեամբ, քան ինքնին իրական արիութիւնը: Կրնայ ըլլալ որ մէկը արիութիւնն ունենայ իր կեանքը վտանգի ենթարկելու, բայց ոչ իր պաշտօնը կամ դիրքը: Դարձեալ ուրիշ մը, որ աւելի զինուորական արիութիւն եւ նուազ աշխարհականի կորով ունենայ: Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, պէտք չէ որ քրիստոնեան ցաւ կրելու եւ մահը դիմագրաւելու քաջութեան մէջ` ետ մնայ ուրիշներէն եւ անոնցմէ ամօթահար ըլլայ: Քաղաքակրթուած արդի մարդը, յաճախ իր կեանքին չափազանց արժէք կու տայ, ինչպէս նաեւ իր անհատական էութեան եւ գոյութեան, բայց չի գիտեր ինչպէս գործածել զայն: Կամ իր կեանքը թեթեւամտութեամբ կը նետէ: Սակայն քրիստոնէին համար, մահը ողբերգութիւն մը կամ վերջ ըսել չէ: Այլ սկիզբ եւ կատարում: Կեանքը` թեթեւամտութեամբ չի նետեր , չի վտանգեր: Քրիստոնեաներ եղած են, որոնք երջանկութիւն ճառագայթելով մահը դիմագրաւած են:
Գերմանացի իմաստասէր մը կ՛ըսէ. « Կեանքի եւ անոր բոլոր դիւցազնական քաջագործութիւններուն խոր արմատը` կրօնին մէջ կը գտնուի: Ոչ մէկ բան մարդուն սրտին խորքը այնպէս յուզել, ոչ մէկ բան անձնազոհութեան դրդրել կրնայ, եթէ ան իր կրօնին կապուած չէ կամ եթէ այս բանն ինքը տեսակ մը կրօնի վերածած չէ»:
Մենք ալ կը պատկանի՞նք արդեօք անոնց, որ քաջութեամբ եւ արիութեամբ կ՛ապացուցանեն իրենց բարեպամտութիւնը: կ՛արդարացնե՞նք խոստովանութեամբ, գործով, կռուելու, չարչարուելու եւ մեռնելու արիութեամբ: Անոնց դիւցազներգութիւններն օր մը հրեշտակներու տաւիղները բարձրաքարոզ բարձր հնչիւնով պիտի երգեն ու հնչեցնեն:







All the contents on this site are copyrighted ©.