2013-10-25 10:02:23

Իրան դադրեցուցած է իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը


Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ռուսական ծառայութիւնը` վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի կայքէջի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Իրան դադրեցուցած է իւրանիոմի քսան առ հարիւրով հարստացումը:
Իրան արդէն բաւական պաշար ունի Թեհրանի փորձառական հիւլէական հնոցը վառելանիւթով ապահովելու համար: Կը նշուի, որ Իրան աւելի հարստացած իւրանիոմի կարիք չունի:
Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ այս տեղեկութիւնը պիտի մեղմէ այն մտավախութիւնը, թէ Իրան ոչ խաղաղ նպատակներով իւրանիոմ օգտագործելու մտադրութիւն ունի: Ատոր պատճառով արեւմտեան պետութիւնները Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած էին:
Միւս կողմէ` Իսրայէլի ռազմավարական հարցերով նախարար Եովալ Շթայնից նշեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարի հարցը կարելի է դիւրութեամբ լուծել, եթէ Թեհրան իր հողերուն վրայ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները դադրեցնէ եւ այդ նիւթը ո՛չ թէ ռազմական նպատակներու, այլեւ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար ուրիշ երկիրներէ գնէ:
Ան յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերջնական նպատակին գծով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կեցուածքները իրարու կը համապատասխանեն:
Շթայնից ձայնասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ չորեքշաբթի օր Հռոմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ հանդիպումը համապարփակ եւ բաց էր, որովհետեւ այլ հարցեր ալ նկատի պիտի առնուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.