2013-10-25 09:40:19

Եւրոպական խորհրդարանը դատապարտած է Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնը.


Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը չորեքշաբթի օր Սթրազպուրկի մէջ կայացած նիստին ընթացքին դատապարտած է Ազրպէյճանի մէջ 9 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:
Քուէարկութեամբ որդեգրուած է բանաձեւ մը, որուն մէջ Եւրոպական Խորհրդարանը կը սատարէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի քննադատական արժեւորումներով զեկուցումին:
«Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները չեն համապատասխանած ԵԱՀԿ-ի չափանիշներուն», ըսուած է Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւին մէջ, ինչ որ Եւրոպական խորհուրդի դէտերու խմբակի գնահատականներէն տարբեր է: Վերջիններս ընտրութիւնը ժողովրդավարական որակած էին:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եւրանեսթ»-ի փոխնախագահ, ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Էլհան Սուլէյմանով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով, որ «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ որոշումը պայմանաւորուած է նախօրէին Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ որդեգրուած բանաձեւով:
Ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի դէտերու առաքելութիւնը դրական գնահատական տուած է ընտրութիւններուն` զանոնք որակելով ազատ, արդար եւ թափանցիկ:
«Քանի տակաւին հետաքննութիւն չէ կատարուած եւ համապատասխան միջոցներու չեն ձեռնարկուած Ազրպէյճանը ստիպուած է դադրեցնել «Եւրանեսթ»-ի մէջ իր գործունէութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.