2013-10-25 10:13:59

Անորոշութիւն Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող հակասական դրոյթներ


23-24 հոկտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը` Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող:
Զեկոյցին 16-րդ եւ 23-րդ կէտերը կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ անոնք տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու պատճառ դարձած էին արդէն նախանցեալ օրէն:
Ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ տարածուած լուրերուն համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանը հաստատած է երկու կէտերն ալ, որոնք իրարու կը հակասեն: Առաջինին` 16-րդին համաձայն, խորհրդարանը կը յիշեցնէ իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ` «Արեւելեան գործընկերութեան երկրի մը կողմէ միւսին տարածքին գրաւումը խախտում է Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզբունքներուն ու նպատակներուն»:
23-րդ կէտը տեղ տեղ կը կրկնէ այս կէտի որոշ դրոյթները, սակայն առանց մէջբերումի:
Խորքին մէջ քուէարկութեան ընթացքին թիւրիմացութիւն տեղի ունեցած է, եւ չէ արձանագրուած, թէ այս կէտերէն ո՛ր մէկը մնաց եւ որ մէկը մերժուեցաւ:









All the contents on this site are copyrighted ©.