Առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւնները կը շարունակուին
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախանցեալ
երեկոյեան ուղղուեցաւ Դամասկոս, երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ
նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Քննարկուեցան Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա
Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու թղթածրարը: Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա
Ռայի պատրիարքը, որ նախանցեալ երեկոյեան ուղղուեցաւ Քաթար, երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում
ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Թամիմին` առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ
արձակումին նպատակով Քաթարի ի գործ դրած ջանքերուն համար: Իր կարգին Թամիմ իշխանը
ընդգծեց, որ Քաթար կառչած կը մնայ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ գոյութեան: Ռայի
պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք շէյխ Թամիմ հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ հետապնդել
Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթածրարին
առումով ինք շատ բծախնդիր է եւ ճիգ չի խնայեր Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւնը
պահպանելու իմաստով: Քաթարի իշխանը խոստացաւ նաեւ Լիբանանի նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն
տրամադրել` նկատի ունենալով դէպի լիբանանեան հողեր սուրիացի գաղթականներուն հոսքը: ՆՇԵՆՔ,
որ սուրիական բանտերէն երէկ 14 կիներ ազատ արձակուած են. անոնք մաս կը կազմեն այն 128
կին բանտարկեալներուն, որոնց ազատ արձակումը խոստացուած է սուրիական իշխանութիւններուն
կողմէ` առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակումին իբրեւ փոխադարձ բարի կամեցողութիւն: