2013-10-23 12:59:02

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը`
''Ս. Կոյս Մարիամ որպէս պատկերը եւ տիպարը Եկեղեցւոյ'' նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 23 հոկտեմբեր, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու, խմբուած ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Եկեղեցւոյ մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր այսօր մեր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնենք Ս. Կոյս Մարիամի վրայ որպէս պատկերը եւ տիպարը Եկեղեցւոյ` հաւատքի ու սիրոյ, եւ Քրիստոսի հետ կատարեալ միութեան, ինչպէս կը կարդանք վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի եկեղեցւոյ մասին վաւերաթուղթին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը պարզեց Ս. Կոյս Մարիամի երեք երեւոյթներ.

Առաջին` Մարիամ որպէս հաւատքի տիպար - Մարիամ ի՞նչ իմաստով կը ներկայանայ որպէս Եկեղեցւոյ հաւատքի տիպար։ Աւետումի ընթացքին Գաբրիէլ հրեշտակապետը, որպէս Աստուծոյ բանբեր, զայն կը կոչէ ''շնորհքներով լեցուն'' եւ ապա անոր կը յայտնէ Աստուծոյ ծրագիրը։ Մարիամ իր ''Այո''ովը կը համակերպի եւ այդ պահէն սկսեալ ան կ'ընդունի նոր լոյս մը։ ''եւ Բանը մարմին առաւ եւ բնակեցաւ իր մէջ''։ Մարիամի հաւատքը կատարումը եղաւ Իսրայէլի հաւատքին եւ այդ իմաստով ան տիպարն է Եկեղեցւոյ հաւատքին, որ ունի որպէս կեդրոն Քրիստոսը` մարդեղութիւնը Աստուծոյ անհուն սիրոյն։ Մարիամի ''այո''ն ժամանակի հոլովոյթին աճեցաւ մինչեւ խաչելութեան ժամուն։ Հոն անոր մայրութիւնը ընթարցակուեցաւ ողջագուրելով մեզմէ իւրաքանչիւրը առաջնորդելու համար մեզ դէպի իր Որդին։ Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ միթ՞է մենք թող կու տանք լուսաւորուիլ մեր Մօր Մարիամի հաւատքէն։ Դժուարութեան պահուն անոր կը վստահինք հասկնալու ու գործադրելու Աստուծոյ կամքը։

Երկրորդ` Մարիամ սիրոյ տիպար - Ի՞նչպէսով Մարիամ Եկեղեցւոյ համար սիրոյ ողջ օրինակ մըն է։ Մտաբերենք անոր տրամադրելիութիւնը Եղիսաբէթ ազգականին նկատմամբ։ Անոր այցելութիւն տալով` Ս. Կոյս Մարիամ ոչ միայն անոր բերաւ նիւթական օգնութիւն այլ եւ Յիսուսը, որ արդէն կ'ապրէր իր արգանդին մէջ։ Մարիամ կ'ուզէ նաեւ մեզի բերել Յիսուսը, անոր սէրը. խաղաղութիւնն եւ ուրախութիւնը։ Այսպէսով կրնանք հաստատել որ Եկեղեցին մարդասիրական գործակալութիւն մը չէ այլ հրահանգ ստացած է բերել մարդիկը Յիսուսի ու անոր Աւետարանին, մարդիկը բարեփոխել ու աշխարհը վերանորոգել։ Մենք ի՞նչպիսի սէր կը բերենք ուրիշներուն, հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը, Յիսուսի սէրը, որ կը բաժնուի, կը ներէ, կ'ընկերանայ, կամ սէր մը դրդրուած համակրանքէն ու փոխհատուցումէն։

Երրորդ` Մարիամ տիպար Քրիստոսի հետ կատարեալ միութեան - Ս. Կոյս Մարիամի կեանքը եղաւ աղօթքի, աշխատանքի ու տաճար սիրողի մը կեանքը, իր ամէն մէկ ներգոծութիւնը կը կատրէր Յիսուսի հետ կատարեալ միութեան մէջ։ Այս միութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Գողգոթայի վրայ` հոն Մարիամ միացաւ իր Որդիին, սրտի նահատակութեամբ ու իր կեանքի ընծայումով Հօր Աստուծոյ մարդկութեան փրկութեան համար։ Մարիամ իւրացուց իր Որդիին չարչարանքը ու համակերպեցաւ Հօր Աստուծոյ կամքին, այն հնազանդութիւնը եղաւ պտղաբեր, տուաւ ճշմարիտ յաղթութիւն չարին ու մահուան վրայ։ Ո՜րքան գեղեցիկ է Մարիամի մեզի սորվեցուցած այս իրականութիւնը` ըլլալ Յիսուսի հետ միշտ միացած։ Մենք մեզի հարց տանք. Յիսուսը կը յիշենք ե՞րբ դժուարութեան մէջ ենք կամ մեր յարաբերութիւնը մշտական է, խոր բարեկամութիւն մը, նոյնիսկ երբ կանչուած ենք անոր հետեւիլ խաչի ճանապարհին վրայ։
Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Տիրոջմէն խնդրենք որ մեզի պարգեւէ իր շնորհքը, իը զօրութիւնը, որպէսզի մեր կեանքին ընթացքին ու եկեղեցական հասարակութենէն ներս ցոլացուի տիպարը Մարիամի, մայրը Եկեղեցւոյ ։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. սիրելիներ Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է առաքելութեան, ամէն հաւատացեալ կանչուած է Աւետարանը քարոզելու։ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.