2013-10-23 12:46:54

Կառավարութիւնը կը շարունակէ վանական համալիրիներու վերականգնման աշխատանքները


Հայաստանի կառավարութիւնը 7,2 միլիոն դրամ պիտի ուղղէ Լոռիի մարզի Քոբայրի վանքի վերականգման աշխատանքներու իրականացման համար: Ըստ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին Մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան նշած է, որ այս տարի աւարտին կը հասնին Քոբայրի վանքի զանգակատան եւ տապանատան շինարարական աշխատանքները:
Անոր տեղեկացումով` իտալացի մասնագէտներու օգնութեամբ յաջողութեամբ կը շարունակուին նաեւ Արագածոտնի մարզի մէջ գտնուող Արուճավանքի վերականագման աշխատանքները:
ՀՀ կառավարութիւնը կը շարունակէ նաեւ Սանահինի վանական համալիրի շինարարական աշխատանքները, որոնց ընթացքին ծանօթանալու նպատակով բազմիցս Սանահին այցելած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.