2013-10-22 13:38:52

«Յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրելու առումով որեւէ արգելք չեմ տեսներ» ըսաւ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ գիշեր «Ալմայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ «յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրելու առումով որեւէ արգելք չեմ տեսներ», եւ որ թեկնածու ներկայանալը չի մերժեր:
Խօսելով Սուրիոյ հակամարտութեան մասին` Ասատ ըսաւ, որ իրենք ներկայիս Քայիտայի եւ անոր ճիւղաւորումներուն դէմ պայքարի հանգրուանի մէջ կը գտնուին` աւելցնելով, որ յառաջդիմութիւն արձանագրած են շարք մը մարզերու մէջ` ռազմական գետնի վրայ. ըստ անոր, ահաբեկիչները ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած են եւ բազմաթիւ երկիրներ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց քաղաքականութիւնը փոխած են:
Ան նշեց, որ Իրաքի ամերիկեան բռնագրաւման ընթացքին ահաբեկիչները Սուրիան կ’օգտագործէին իբրեւ անցք` Լիբանանէն դէպի Իրաք եւ Իրաքէն դէպի Լիբանան: Խօսելով ինքզինք մեկուսացնելու Լիբանանի քաղաքականութեան մասին` Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան ուղղակի մասնակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ մէջ կրակը հրահրելուն` զէնքերու մատակարարմամբ եւ զինեալներու Սուրիա ներթափանցման արգելք չհանդիսանալով: Պատասխանելով այն պնդումին, թէ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյման մէկ տարիէ ի վեր իրմէ հեռաձայն կը սպասէ` Ասատ ըսաւ, որ ինք ալ նախագահ Սլէյմանէն «անարդար կերպով ամբաստանուած» երեսփոխան Միշէլ Սմահայի հարցով Սուրիոյ մեղսակցութեան վերաբերեալ գէթ ապացոյցի մը կը սպասէ:
Ասատ բուռն յարձակում գործեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ` յայտարարելով, որ այդ երկիրը ամերիկեան քաղաքականութիւնը ամենայն հաւատարմութեամբ կը գործադրէ եւ Միացեալ Նահանգներու ենթակայ է: Սակայն չբացառեց Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութեանց վերականգնումը, եթէ այդ մէկը սուրիացի ժողովուրդին շահերուն կը ծառայէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.