2013-10-21 13:31:20

Ռոտնի Տաքէսեան արժանացաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մրցոյթի ա. Մրցանակին


Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գիտութեան Զարգացման Հիմնադրամին, Համաշխարհային Հայկական Գոնկրէսին եւ Ռուսաստանի Հայերու Միութեան կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած եւ մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդ գիտնականներու վերապահուած «Լաւագոյն Գիտական Աշխատանք» 2013-ի մրցոյթին արդիւնքները հրապարակուեցան 27 Սեպտեմբեր 2013-ին։ Մրցանքին «Սոցիոլոգիայի եւ Իրաւագիտութեան» առաջին մրցանակին արժանացած է Դոկտոր Ռոտնի Տաքէսեանին «1915-ին Հայերու դէմ իրագործուած կոտորածի իրաւական հետեւանքները եւ անոնց լուծման հնարաւոր դատական եւ արտադատական մոդելը» ֆրանսերէն հատորը (Les effets juridiques des Massacres commises contre les Armeniens en 1915 et leurs modes de resolutions juridiques et extrajuridiques possibles)։

Նշենք որ 2013-ի մրցանակաբաշխութիւնը, որ նուիրուած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի 70 ամեակին, տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերին՝ 70 ամեակի տօնակատարութեան օրերուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.