2013-10-21 14:13:25

«Պայքար Եւրոպայի Մէջ Խտրականութեան, Այլատեացութեան Անհանդուրժողականութեան Դէմ» Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ


Հոկտեմբեր 21-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար, ԵԽ Նախարարներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Նալպանտեան եւ ԵԽ Գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտ Երեւանի մէջ բացումը կատարեցին «Պայքար Եւրոպայի մէջ խտրականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ» բարձրաստիճան խորհրդաժողովը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան ծիրէն ներս:
Խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ներկայ էին եւ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մուիժնիկսը, ԵԽ Տեղական եւ շրջանային իշխանութիւններու քոնկրէսի փոխնախագահ Մայքլ Օ’պրայնը, ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Դունիա Միյատովիչը, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հաւասարութեան եւ խտրականութեան բացառման յանձնաժողովի անդամ Եօնաս Գունարսոնը, Եւրոպայի խորհուրդի Միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու համաժողովի նախագահ Ժան-Մարի Հէյդտը, Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ֆատել Մոհամետդ Ջաւատը:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած են Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու, ԵԽ հիմնական կառոյցներու` Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Գլխաւոր քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններու` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական միութեան եւ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչները:
Երեւանեան երկօրեայ խորհրդաժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են ԵԽ անդամ պետութիւններու հասարակութիւնները յուզող այպիսի հարցեր, ինչպիսիք են ռասիզմի եւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումները քաղաքական բանավէճի, քաղաքական առաջնորդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան դերը այդ երեւոյթներու դէմ պայքարի գործին մէջ, կանխարգելող միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործումը, ռասայական կարծրատիպերու յաղթահարումը, այլատեացութեան ու անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու եւ ատելութեան խօսքի տարածման բացառումը եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.